Օր Մը, Ի Վերջոյ, Ջահերով Երթը Յաղթանակով Պիտի Պսակուի
Ազատութեան հրապարակին վրայ, այսօր երեկոյեան, մեկնարկած է ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած 19-րդ ջահերով երթը: Այս տարուան կարգախօսն է «Ամբողջական եւ արդար հատուցում»: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։
Նախքան երթը սկսիլը՝ ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ ԳՄ անդամ Արթուր Ղազարեան: Ան նշած է, որ այս տարի կը լրանայ Հայոց Մեծ Եղեռնի 104-րդ տարելիցը, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ 20 տարի առաջ՝ այս օրը՝ ՀՅԴ ՀԵՄ եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները կազմակերպեցին ջահերով երթը:
«Այսօր Հայաստանի այլ քաղաքներու եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական գաղթօճախներու մէջ եւս մեկնարկած է ջահերով երթը: Սիրելի’ երիտասարդներ, ջահերով երթը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ Թուրքիան չէ առերեսուած իր պատմական ճշմարտութեան հետ, քանի դեռ մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւն կատարած պետութեան իրաւայաջորդը, այսինքն` ներկայ Թուրքիան, կը շարունակէ մերժման եւ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը: Վստահաբար կ՝ըսեմ` ձեր երթը պիտի պսակուի յաղթանակով: Արեւմտեան Հայաստանի ժառանգները պիտի վերադառնան իրենց օճախները, բայց արդէն` տիրոջ կարգավիճակով: Այս է ջահերով երթի վերջնական նպատակը»,- ըսած է ան:













