Բրիտանացիները Հայկական Ելակով Թէյ Կը Խմեն․ Բիւրականի «Քաղցր Տնակը»` Զբօսաշրջային Կեդրոն
Յովհաննիսեաններու ընտանիքը կը հաւատայ, որ երազանքները կ’իրականանան: Անոնք կ’արտադրեն չիրեր եւ քաղցր սուճուխ, մեղրային խառնուրդներ եւ բազմաթիւ այլ հետաքրքիր ապրանքներ: Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ իր աւանդը կ’ունենայ գործի զարգացման մէջ:
Բիւրականի մէջ «Չիրի տան» իւրաքանչիւր այցելու պարտաւոր է շեմին դրուած «երազանքի սուճուխէն» կտոր մը պոկելու եւ ուտելու` երազանք պահելով: Այդ քաղցր վայրի տիրուհին` Ծովիկ Յովհաննիսեան (Օհանեան) կը հաւատայ, որ երազանքները կը կատարուին, բայց ատոր համար պէտք է համարձակ ըլլալ եւ անդադար աշխատիլ:

Նոյն անխոնջ աշխատանքն ալ անոր ընտանիքէն ներս երկար տարիներ գլխաւորը եղած է: 1989-ին, երբ անոնք պետութենէն հողատարածք ստացած են, շատ դժուար եղած է: Սկիզբէն Յովհաննիսեանները զբաղուած են տարածքն ահռելի քարերէ եւ շինարարական աղբէն մաքրելով, իսկ ատկէ ետք այգի տնկած են: Սակայն միայն մէկուկէս տարի առաջ սկսած է սեփական բերքի վրայ հիմնուած արտադրութիւնը, երբ ելակը աճած է ջերմոցներու մէջ: Հիմա ընտանիքը կ’արդիականացնէ արհեստագիտութիւնները եւ յոյս ունի ստանալ մօտ տաս թոն բնական մաքուր բերք:
Յովհաննիսեան կը հաւատայ, որ գործը կրնայ լաւ շահոյթ բերել, չէ՞ որ հիմա ելակի չիրին մէկ քիլոկրամը արժէ մօտ 200 տոլար, բացի այդ բրիտանական շուկայ արտահանելու հնարաւորութիւն կայ:
«Պատկերացուցէք, որ լոնտոնեան սրճարանին մէջ աշխարհի տարբեր ծայրերէ եկած մարդիկ թէյ կը խմեն` պատրաստուած Բիւրականի մէջ աճած մաքուր ելակով: Ատիկա հիանալի է ու անհաւանական գեղեցիկ», – կը նշէ արտադրութեան տիրուհին:
Բայց Ծովիկին համար կարեւոր է ոչ թէ շահոյթը, այլ բուն գաղափարը, չէ որ այն միաւորած է ամբողջ ընտանիքը: Երեխաներուն կրթութեան մէջ ներդրած միջոցները վերադարձած են անոնց ստեղծարար գաղափարներու շնորհիւ: Ընտանիքին բոլոր անդամներն իրենց աւանդը կ’ունենան գործի զարգացման մէջ: Որդին` Պօղոսը, կը զբաղի նոր տարածքներու շինարարութեամբ, դուստրերէն մէկը` գովազդով եւ առեւտուրով, միւսը` ձեւաւորումով եւ այլ հարցերով: Ամէն ինչ կը ղեկավարէ Ծովիկը, իսկ անոր ամուսինը կ’աջակցի ամբողջ ընտանիքին:
Այժմ արտադրանքի տեսականին բաւական լայն է. չորցուած ելակէն բացի այստեղ կարելի է համտեսել չիրերու շատ տեսակներ, քաղցր սուճուխ, մեղրային խառնուրդը` ընկոյզով եւ չիրերով, մրգային օղի եւ նոյնիսկ սունկի թթու:
Ընտանիքը կ’իրականացնէ նաեւ յատուկ ձեռնարկներ․ ելակի բերքահաւաք` երեխաներու համար, աւանդական արիշտա եւ տնական օղի պատրաստելու վարպետութեան դասեր` զբօսաշրջիկներու համար, ուղղակի արտադրանքի համտեսում` բոլոր ցանկացողներուն համար: Եւ այդ ամէնը` մատչելի գիներով:
«Գլխաւորը գործին սիրով վերաբերիլն է: Երբ մենք նոր տեղափոխուած էինք, բոլորը կ’ըսէին, թէ ինչ սարսափելի վայր է` համարեա աղբանոց, հողատարածքը հեռու է գիւղի գլխաւոր ճանապարհէն, իսկ ես կը պատասխանէի` սա մեր տիեզերքի կեդրոնն է: Հիմա ան իսկապէս տիեզերքի կեդրոն է, ուր կը ժամանեն աշխարհի տարբեր անկիւններէ մարդիկ, որպէսզի համտեսեն հայկական քաղցրաւենիք եւ ոչ միայն», – կը պատմէ Ծովիկը:
Արտադրութեան ժամանակ մօտ 30 մարդ կ’աշխատի, իսկ ձմեռը` 5-6: Անոնք բոլորը տեղի բնակիչներ են, ատիկա Յովհաննիսեանի սկզբունքներէն մէկն է: Անոնք այդպէս կը կատարեն ընկերային պարտաւորութիւնները, որոնք ինքնակամ վերցուցած են իրենց վրայ: Բացի այդ, ընտանիքը ամբողջ անհրաժեշտ միրգերը եւ բանջարեղէնը կը գնէ տեղացիներէն` այդպիսով իր աւանդը ունենալով Բիւրականի զարգացման մէջ:
Նանա Մարտիրոսեան , «Սփութնիկ»
