Ատրպէյճանի Խորհրդարանի Նախագահը Պատգամաւորներուն Կոչ Ըրած է Ռազմատենչ Յայտարարութիւններով Հանդէս Չգալու
Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովը կոչ ըրած է պատգամաւորներուն զերծ մնալու արցախեան հակամարտութեան ռազմական ճանապարհով լուծման կոչերէն: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը:
«Ինչի՞ կրնանք հասնիլ միայն նմանատիպ զգացմունքային, պատերազմի կոչեր ընելով: Եթէ հնարաւոր է խնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծել, ուրեմն ինչո՞ւ դէմ ենք այդ մօտեցման»,- նշած է Ասատով։
Ըստ Ասատովի, պատգամաւորները պէտք է զգոյշ մօտենան խնդրին: «Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը միշտ կը յայտարարէ, որ մեր տարածքային ամբողջականութիւնը քննարկման ենթակայ չէ: Այդ իսկ պատճառով, պատգամաւորները պէտք է զգոյշ ըլլան իրենց պատերազմի կոչերուն մէջ»,- յայտարարած է խորհրդարանի խօսնակը:
