Թուրքիոյ Նախագահի Աջակիցները Ուաշինկթընի Մէջ Պիտի Փորձեն Խանգարել Ապրիլ 24-ի Ցոյցը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրհտողանի աջակիցները դարձեալ պիտի փորձեն խանգարել ամերիկացիները՝ օգտուելու ազատ արտայայտուելու իրենց սահմանադրական իրաւունքէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

«Թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավար կոմիտէ»-ն կը փորձէ կանխել Ապրիլ 24-ին Ուաշինկթընի «Շերիտան Սըրքըլ» օղակաձեւ ճանապարհին ծրագրուած հաւաքը, որուն մասնակիցները պիտի բողոքեն Անգարայի Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման դէմ:

«Թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավար կոմիտէ»-ն յաճախ կը փորձէ խոչընդոտել Ապրիլ 24-ի ցոյցերը։ Այս տարի, առաջին անգամ, ԱՄՆ իշխանութիւնները կոմիտէին արտօնած են իրենց վիճահարոյց գործունէութիւնը իրականացնելու Ապրիլ 24-ի ցոյցերու իրականացման վայրին մօտ՝ «Շերիտան Սըրքըլ»-ի տարածքին վրայ:

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրէն ոչ հեռու գտնուող օղակաձեւ ճանապարհը, երկու տարի առաջ՝ 2017 Մայիսին, դարձած էր լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկան, քանի որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահները, «Շերիտան Սըրքըլ»-ի վրայ դաժան ծեծի ենթարկած էին խաղաղ ցոյց իրականացնող հայ ցուցարարները:

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ցոյցի կազմակերպիչը Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւնն է:

Թէեւ ամերիկեան իշխանութիւնները «Թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավար կոմիտէ»-ին արտօնած են Ապրիլ 24-ին «Շերիտան Սըրքըլ»-ի մօտ հաւաքուիլ, բայց եւ այնպէս՝ հայկական կողմը լիայոյս է, որ ԱՄՆ-ի հայկական, յունական, ասորական համայնքներու ներկայացուցիչները աշխուժութիւն պիտի ցուցաբերեն եւ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, յանուն արդարութեան, բարձրացնեն իրենց ձայնը: