Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորած է Սուրիոյ Նախագահը՝ Երկրի Ազգային Տօնին Առթիւ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին` երկրի Ազգային տօնին առթիւ: Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ վարչութիւնը, նախագահ Սարգսեան համոզում յայտնած է, որ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած հայ-սուրիական ամուր բարեկամական կապերը պիտի շարունակեն զարգանալ եւ խորանալ` ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն:

«Լիայոյս եմ, որ Սուրիան վերջնականապէս պիտի յաղթահարէ առկայ ճգնաժամը, եւ սուրիացի ժողովուրդը պիտի վայելէ յարատեւ կայունութիւն եւ յառաջընթաց»,- ըսուած է շնորհաւորական ուղերձին մէջ: