Օտեսայի Հայ Համայնքը Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուածներու Յիշատակին

Սփիւռք

Օտեսայի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած ապրիլեան պատերազմին զոհուածներու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ, Ապրիլ 6-ին, մատուցուած է յարգանքի տուրք՝ ի յիշատակ 2016թ. ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի զոհուածներուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

«Ձեռնարկը սկսաւ աղօթքով՝ յիշատակելով զոհուածները անուն առ անուն, ապա տեղի ունեցաւ ծաղիկներու խոնարհում: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Օտեսայի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Գէորգ Պետրոսեան:

Տեղեկանք. Մարտ 12-ին, Օտեսայի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ, Համլէթ Միրզոյեանի եւ Արթուր Ադամեանի ընտանիքներուն հովանաւորութեամբ, տեղադրուեցաւ 2016թ. ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներու յիշատակին նուիրուած խաչքար»: