
Յովհաննէս Թումանեանի Անուան Դպրոց՝ Պելճիքայի ՄԷջ
Պելճիքայի մէջ գործող Պելճիքահայ դեմոկրատներու միութիւնը 1984ին, Պրիւքսելի մէջ հիմնադրեց հայկական դպրոց մը, որուն նպատակը հայ ընտանիքներու երեխաներուն տառաճանաչութեան եւ հայեցի մեծնալու հարցերուն լուծում տալն էր: Միութեան անդամներուն եւ մանկավարժական կազմի անդուլ եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, կրթօճախը կը գործէ մինչ օրս:
Յասմիկ Պաքմասեան «Հայերն Այսօր»-ին յայտնեց, թէ օրէ օր դպրոցը վերելք կ՛ապրի եւ նոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ, որուն վառ ապացոյցը տարուէ տարի աճող աշակերտներուն թիւն է:
2018-ին դպրոցը տեղափոխուեցաւ նոր եւ յարմարաւէտ շէնք՝ լայն, ընդարձակ եւ լուսաւոր դասարաններով, ուր կը յաճախեն հարիւրաւոր հայ մանուկներ:
Նկատի ունենալով, որ 2019-ին կը լրանայ ծննդեան 150-ամեակը ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի, որուն հանճարին շնորհիւ հայաճանաչումը իր սահմանները ընդլայնած է համաշխարհային գրականութեան ասպարէզին մէջ, Պելճիքահայ դեմոկրատներու միութիւնը՝ իբրեւ յարգանքի տուրք եւ շնորհակալական երաշխիք, դպրոցը անուանակոչեց Յովհաննէս Թումանեանի անունով: