Աննա Յակոբեան Մասնակցեցաւ Հայ Բժիշկներու Ընկերակցութեան Բարեգործական Ճաշկերոյթին

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի վարչապետի տիկինը` «City of smile–Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան, Ապրիլ 6-ին ներկայ եղաւ Հայ Ամերիկեան բժշկական ընկերացկութեան 34-րդ ամէնամեայ ճաշկերոյթին:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, «City of smile – Ժպիտների քաղաք» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Էսթեր Դէմիրճեան եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան:

Ձեռնարկին մասնակցողներու թիւը գերազանցեց 800-ը: Ներկաներու շարքին էին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեան, բժիշկներ, մտաւորականներ, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Ճաշկերոյթին ելոյթներով հանդէս եկան Հայ Ամերիկեան բժշկական ընկերակցութեան տնօրէն Արմոնտ Կոտիկեան, փոխտնօրէն Քեւին Գալստեան եւ Սերժ Թանքեան:

Ճաշկերոյթին հանդէս եկաւ նաեւ Աննա Յակոբեան: Ան իր ելոյթին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյի կազմակերպիչներուն՝ Հայ Ամերիկեան բժշկական կազմակերպութեան եւ բժիշկ Շանթ Շխրտմեանին:

«Այս երեկոն շատ կարեւոր առաքելութիւն ունի՝ օգնել Հայաստանի մէջ քաղցկեղով հիւանդ երեխաներուն: Այսօր մենք կը միաւորուին մէկ նպատակի համար՝ ապահովել առողջ, խաղաղ եւ երջանիկ մանկութիւն հայ մանուկներու համար: Տարեկան Հայաստանի մէջ հարիւր երեխայի մօտ կ՛ախտորոշուի քաղցկեղ: Մենք այստեղ ենք, որպէսզի աջակցինք այդ երեխաներուն: Միասին մենք կրնանք պայքարիլ քաղցկեղով տառապող իւրաքանչիւր երեխայի կեանքին համար, եւ ատիկա մեր պարտաւորութիւնն է՝ թոյլ չտալ, որ անոնց կեանքերը ընդհատուին ֆինանսի բացակայութեան պատճառով: Դուք աւելիին տեղեակ էք քան ես, որ քաղցկեղը մեր ժամանակներուն այլեւս առաջուանը չէ: Ան այլեւս այն սարսափելի եւ անբուժելի հիւանդութիւնը չէ, ինչպէս տարիներ առաջ: Մարդկութիւնը եւ դուք՝ բժիշկներդ գտած էք քաղցկեղը յաղթահարելու ուղիները: Այսօր հիմնականօրէն մենք կրնանք յաղթել քաղցկեղին, բայց դեռ կ՛ըլլան դէպքեր, երբ մենք յաջողութիւն չենք ունենար եւ բժշկութիւնն ու գիտութիւնը դեռ չեն գտած քաղցկեղին դէմ կախարդական բանալին բոլորին համար», յայտնեց տիկին Յակոբեան: Ըստ անոր՝ այդ պատճառներէն գլխաւորը այն է, որ ճակատամարտի համար մեծ գումարներ են հարկաւոր: Ըստ անոր՝ այսօր հարուստ եւ զարգացած երկիրներու մէջ «քաղցկեղը լոկ հիւանդութիւն է, բայց առաւել քիչ զարգացած երկիրներու մէջ քաղցկեղն ու մահը հոմանիշներ են»:

«Հայաստանի մէջ նախորդ տարի տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ես վստահ եմ, որ շատ շուտով մեր երկիրը տեղ պիտի գրաւէ աշխարհի զարգացած երկիրներու շարքին Բայց այսօր, այս վայրկեանին քաղցկեղով հիւանդ մեր երեխաները չեն կրնար սպասել այդ զարգացման, մեր երեխաները կը սպասեն բուժման եւ ատոր համար անոնք մեր օգնութեան կարիքը ունին: «City of smile» հիմնադրամը ստեղծուած է կեանքեր փոխելու համար, այդ կեանքերը դրական ուղղութեամբ տանելու, երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ժպիտը վերադարձնելու: Մենք կը սկսինք պահպանել մէկ ժպիտը՝ միաժամանակ բերելով ժպիտ ընտանիքին, որովհետեւ ինչպէս ես մէկ անգամ ըսած եմ, փրկելով մէկուն կեանքը մենք կը փրկենք աշխարհը: Ձեզմէ շատերը բազմաթիւ անգամ օգնած են մեր հայրենիքին, ես ատիկա գիտեմ եւ դուք ատիկա ըրած էք առանց որեւէ ակնկալիքի, ձեր միակ մտածումը եղած է այն, որ ձեր օգնութիւնը ճիշդ տեղ հասնի», ըսաւ տիկին Յակոբեան:

Այս առումով ան վստահեցուց, որ «Ժպիտներու քաղաք հիմնադրամին նուիրաբերուած իւրաքանչիւր դրամ պիտի ծառայէ իր նպատակին՝ բուժել քաղցկեղով հիւանդ երեխան, փրկել այդ հրեշտակներուն կեանքն ու վերադարձնել երջանկութիւնը անոնց ընտանիքներուն:

Ձեռնարկին ընթացքին, Հայ Ամերիկեան բժշկական կազմակերպութեան կողմէ Աննա Յակոբեանին յանձնուեցաւ պատուոգիր մը «Ժպիտների քաղաք» հիմնադրամին մէջ կատարած իր աշխատանքին եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին հայ կիները ոգեշնչելուն համար: