Զէյթունի Աւետարանին Նուիրուած «Պակսող Էջերը»՝ Ֆրեզնոյի Մէջ

Սփիւռք

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191), դոկտ. Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփա պիտի ներկայացնէ իր «The Missing Pages. The Modern Life of a Medieval Manuscript from Genocide to Justice» («Պակսող Էջերը. Միջնադարեան Ձեռագիրի Մը Արդի Կեանքը՝ Ցեղասպանութենէն Մինչեւ Արդարութիւն») գիրքը, որ նուիրուած է Զէյթունի Աւետարանի ոդիսականին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

2010-ին, Լոս Անճելըսի «Կեթի» թանգարանին մէջ յայտնուեցան այդ 8 կորսուած էջերը, երբ 1994-ին թանգարանը գնած էր զանոնք Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ամերիկահայ ժառանգորդներէ: Հայց. եկեղեցին դատ բացած էր թանգարանին դէմ՝ պնդելով, թէ ի՛նքն է օրինական սեփականատէրը այդ էջերուն: Իրաւական երկար պայքարը աւարտեցաւ փոխզիջումով։ Թանգարանը ընդունեց Հայց. եկեղեցւոյ օրինական սեփականատիրութիւնը, մինչ եկեղեցին որոշեց մշակութային այդ արժէքաւոր պատառիկները յանձնել թանգարանի խնամքին: Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփա վերոնշեալ գիրքով ուսումնասիրած է Զէյթունի Աւետարանի ամբողջ ոդիսականը, Զէյթունի եկեղեցիէն մինչեւ Հալէպի գաղթակայանները, Էլիս կղզի, Խորհրդային Հայաստան, ապա Լոս Անճելըսի դատարանները: Ան կը նշէ, թէ մշակոյթի պատառիկներուն պատմութիւնը կ՛արտացոլէ Ցեղասպանութիւն ապրած, գոյապայքար մղած ու վերապրած հայ ժողովուրդի պատմութիւնը:

Հեղնար Զէյթլեան նաեւ հեղինակն է մրցանակակիր «The Image of an Ottoman City: Architecture in Aleppo» («Օսմանական Քաղաքի Մը Պատկերը. Հալէպի Ճարտարապետութիւնը», 2004) գիրքին: Անոր գրութիւնները լոյս տեսած են «Հաֆինկթըն Փոսթ»ի եւ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի մէջ:

Ներկայացման մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար շարել թիւ P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղտնաթիւ մը ստանալով համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի գրասենեակէն:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: