Պաքու Սպառնական Ոճով Կը Դատապարտէ Տօնոյեանի Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

«Նիւ Եորքի մէջ, հայկական համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին՝ «խաղաղութիւն տարածքներու փոխարէն» բանաձեւը՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներու համար» բանաձեւով փոխարինելու մասին յայտարարութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը կողմէ այդ երկրի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան մասին հերթական ակնառու խոստովանանքը», Ապրիլ 1-ին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ պատասխանելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ կատարուած յայտարարութեան։

«Հայկական կողմին կը տեղեկացնենք, որ Ատրպէյճանի հանրապետութեան զինուած ուժերը կը գտնուին աշխարհի ամենաուժեղ բանակներու շարքին եւ ի վիճակի են, ինքնապաշտպանութեան ապահովման մասին միջազգային իրաւունքի համապատասխան դրոյթներու հիման վրայ, կարճ ժամանակի մէջ ազատագրելու Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքները»,- «Armenia.az»- փոպանցմամբ՝ աւելցուց նախարարութիւնը՝ նոյն ժամանակ հարցնելով. «Արդեօք նախարարը այդ յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի ղեկավարութեան համաձայնութեա՞մբ»։

«Տօնոյեան լաւ տեղեկացուած է հայկական բանակին մէջ տիրող ողբալի իրավիճակին մասին, բան մը, որ կը փորձէ տարբեր ձեւերով թաքցնել այդ երկրի ղեկավարութենէն եւ հասարակութենէն: Նոյն ժամանակ, (վարչապետ) Նիկոլ Փաշինեան փակ հանդիպում ունենալով բանակի ղեկավարութեան հետ, կ՛ընդունի, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կը կառավարուին գողական կանոններով, ինչ որ լուրջ հարց է: Փաշինեան արդէն լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Մեղրիի մէջ զինուորներու ապստամբութեան վերաբերեալ, նոյն ժամանակ քննադատելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Սպայակոյտին մէջ զեղծարարութեան, գողութեան եւ կաշառակերութեան դէպքերը: Հանդէս գալով նման անհեթեթ յայտարարութիւններով՝ Տօնոյեան դարձեալ պաշտօնապէս կը ցուցադրէ Հայաստանի բռնագրաւող էութիւնը: Անշուշտ, Նիւ Եորքի մէջ, Հայկական Սփիւռքին առջեւ հանդէս եկող Տօնոյեանի հիմնական նպատակը Սփիւռքը մոլորութեան մատնել ու յաւելեալ գումարներ աղերսել է», իր կարգին, յայտարարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

Նշենք, որ Ապրիլ 1-ին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ երկրին հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերը յատուկ ռազմափորձեր կատարեցին։