
ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը եւ ԶՈւ Գլխաւոր Շտաբի Պետը «Եռաբլուր» Զինուորական Պանթէոն Այցելած են
ԱՄՆ կատարած աշխատանքային այցէն Հայաստան վերադառնալէն անմիջապէս ետք՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար Արտակ Դաւթեանի հետ՝ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը եւ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետը յարգանքի տուրք մատուցած են 2016թ. Ապրիլեան քառօրեայ մարտական գործողութիւններուն ժամանակ զոհուած հերոսներու եւ հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ խոնարհած անոնց շիրիմներուն: