
Արցախի եւ Հայաստանի Նախագահները Մաղաւուզ ի Մէջ Մասնակցած են Զոհուած Ազատամարտիկներու Յուշահամալիրի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ Ապրիլ 1-ին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Մաղաւուզ գիւղ եւ մասնակցած բնակավայրի ազատագրման 26-ամեակի ժամանակ զոհուած ազատամարտիկներու յուշահամալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Նախագահ Սահակեան պետական բարձր պարգեւներ յանձնած է խումբ մը ազատամարտիկներու եւ հանդէս եկած ելոյթով:
Ան նշած է, որ մաղաւուզցիները միշտ ալ յայտնի եղած են իրենց հայրենասիրութեամբ` աշխուժօրէն մասնակցելով հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Նախագահը կարեւոր համարած է Մաղաւուզի ազատագրումը` որպէս մեր ազգային-ազատագրական պայքարի նշանակալի յաղթանակներէն մէկը:
Ան ընդգծած է, որ մեր բոլոր յաղթանակներու ամրապնդման լաւագոյն միջոցը հայրենի երկրի զարգացումն ու զօրացումն է` անհրաժեշտ համարելով վերականգնել Մաղաւուզի երբեմնի համբաւն ու տնտեսական ներուժը: