Արցախը Պիտի Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել Ապրիլեան Պատերազմի Մեղաւորները Պատասխանատւութեան Ենթարկելու Նպատակով. Արցախի ԱԳՆ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանութիւն տարածած է 2016թ. Ապրիլեան պատերազմի տարելիցին առիթով՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ուժային ճանապարհով լուծելու փորձի պարագային պիտի ձեռնարկուին ինքնապաշտպանութեան բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան համապատասխան, Արցախի քաղաքացիներու` սեփական հայրենիքի մէջ ազատ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու համար։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

«Ուղիղ երեք տարի առաջ՝ Ապրիլ 1 լոյս 2-ին, ատրպէյճանական կողմը, կոպտօրէն խախտելով 1994թ. Մայիս 12-ին ձեռք բերուած կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադարեցման մասին համաձայնագիրով ամրագրուած հրադադարի վարչաձեւը, Արցախի հետ սահմանին ողջ երկայնքով նախաձեռնած է պատերազմական գործողութիւններ։ Ատրպէյճանական զինուած ուժերը ծանր զրահներու, հրետանիի եւ ռազմական օդուժի կիրառումով հրետակոծման ենթարկած են ո՛չ միայն Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ դիրքերը, այլեւ խաղաղ բնակավայրերը, որ յանգեցուցած է զոհերու, ներառեալ՝ խաղաղ բնակիչներու մէջ։ Միայն չորս օր անց՝ 2016թ. Ապրիլ 5-ին, զգալի կորուստներ կրելով, Ատրպէյճանը ստիպուած էր ռազմական գործողութիւններու դադարեցում խնդրել Ռուսիոյ միջնորդութեամբ։

Յարձակողական գործողութիւններու ծաւալն ու անմիջականութիւնը, օգտագործուած զինամթերքի եւ կենդանի ուժի քանակը, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ իրականացած յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ ապրիլեան իրադարձութիւնները ուրիշ բան չէին, քան նախօրօք ծրագրուած ռազմական յարձակում։ Ատրպէյճանը նպատակ կը հետապնդէր գրաւելու Արցախի ողջ տարածքը՝ փորձելով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծել ուժի կիրառման միջոցով, որ, սակայն չյաջողեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի վճռական գործողութիւններուն շնորհիւ։

Ատրպէյճանական զինուած ուժերու գործողութիւնները կ՝ուղեկցուէին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներով եւ պատերազմական յանցագործութիւններով։ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան կողմէ հետեւողական աշխատանքներ իրականացած են՝ միջազգային հանրութեան, ներառեալ՝ մասնագիտացուած կառոյցներն ու ատեանները իրազեկելու իրագործուած ոճրագործութիւններուն մասին։ Համոզուած ըլլալով, որ նման յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին, Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ մեղաւորները պատասխանատւութեան ենթարկելու նպատակով։

Ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք անցած է երեք տարի, սակայն դեռ արդիական է Ատրպէյճանի յարձակողական նկրտումները զսպելու միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ ապահովելու 1994թ. Մայիս 12-ի եւ 1995թ. Փետրուար 6-ի համաձայնագրերու լիակատար իրագործումը։ Անհրաժեշտ է նաեւ ներդնել հրադադարի վերահսկման միջազգային կառուցակազմեր, եւ յատկապէս ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի ու Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման միջոցով։

Արցախի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ հակամարտութիւնը ուժային ճանապարհով լուծելու փորձի պարագային պիտի ձեռնարկուին ինքնապաշտպանութեան բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան համապատասխան, Արցախի քաղաքացիներու` սեփական հայրենիքի մէջ ազատ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու համար»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։