Օփերայի եւ Պալէի Ազգ. Ակադեմիական Թատրոնի Աշխատակիցները Գոհ են Վարչապետի Հետ Հանդիպումէն

Հայաստան

Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի խումբ մը աշխատակիցներ ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպումէն գոհ են: Ըստ Armenpress.am-ի՝ անոնք հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած են իրենց անհամաձայնութիւնը Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի պաշտօնէն Կոնստանտին Օրբէլեանը զրկելու մասին որոշման վերաբերեալ:

«Այս պահուն հանդիպումէն գոհ ենք: Եկանք համաձայնութեան, որ թատրոնի տնօրէնի պարտականութիւնները ժամանակաւոր դրուին փոխտնօրէնի վրայ: Երաշխաւորուեցաւ, որ ոեւէ մէկը չի գար դուրսէն մեզի տնօրէն: Մեր ելեկտրոնային հասցէներուն պիտի ուղարկուին նախարարութեան որոշման հիմնաւորումները, մենք ալ գրաւոր պէտք է ներկայացնենք մեր հակափաստարկները: Խօսուեցաւ, որ եթէ պարզուի, որ նախարարութեան որոշման վերաբերեալ կէտերէն թէկուզ մէկը կեղծ է՝ ատոր պատասխանատուն անմիջապէս պիտի ազատուի աշխատանքէ: Կարեւոր հարց մըն ալ ըսեմ, քննարկուեցաւ այն, որ եթէ կան օրէնքի թերացումներ, ուստի պէտք է քննարկումներ իրականացուին եւ շտկեն: Կրնանք ըսել, որ մեր խնդիրին այս փուլով ականջալուր եղան: Ի դէպ, ՀՀ վարչապետը նշեց, որ Ապրիլ 4-ին, թէեւ ունի համաձայնութիւն, ամէն պարագայի պիտի փորձէ գալ եւ դիտել «Կախարդական սրինգը»: Սիրով կը սպասենք»,- ըսած է խմբավար Յարութիւն Արզումանեան:

Կառավարութեան շէնքէն դուրս ելած թատրոնի աշխատակիցները նշած են, որ ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպման ներկայ չէր ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազէնի Ղարիբեանը:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազէնի Ղարիբեանի հրամանով՝ Կոնստանտին Օրբէլեանը զրկուած է Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի տնօրէնի պաշտօնէն: Թատրոնի աշխատակիցները դէմ են այդ որոշման: