
Փաշինեան ու Փութին Խօսած են Ալիեւի Հետ Հանդիպման Մասին
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
ՀՀ կառավարութենէն կը նշեն, որ վարչապետը տեղեկատւութիւն ներկայացուցած է օրեր առաջ Վիեննայի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կայացած հանդիպման մասին:
«Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող տարբեր հարցեր: Կողմերը կարեւոր նկատած են Ապրիլ 4-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Հայ-ռուսական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի հերթական նիստը եւ վերջինիս ծիրէն ներս քննարկուելիք հարցերը: Նշուած է, որ առկայ են նախադրեալներ` հայ-ռուսական երկկողմ առեւտուրի ծաւալներու ընդլայնման համար:
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ ԵԱՏՄ ծիրէն ներս համագործակցութեան եւ համարկումի գործընթացներուն վերաբերեալ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: