Ստեփանակերտի Մէջ Արամ Մանուկեանի 140-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Հայաստան

Մարտ 29-ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը կատարուած է, կը հաղորդէ “Ապարաժ”-ը:

Հայոց պետականութեան հիմնադիր, քաղաքական, ռազմական ու հասարակական գործիչին կեանքը եւ գործունէութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսին արխիւային արժէքաւոր փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ ներկայացուած են:

Արամ Մանուկեան (Սարգիս Յովհաննիսեան) ծնած է 19 Մարտ 1879-ին, Շուշի, բայց իր հիմնական գործունէութիւնը ֆետայական պայքարէն մինչեւ պետականութեան կերտում, Վանի նահանգապետութենէն մինչեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակում, պաշտպանութիւն ու կայացում հայրենիքի այլ շրջաններու մէջ ծաւալած է:

Բացման ձեռնարկին ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, պաշտօնատար անձեր եւ հիւրեր:

Ծրագիրը Հայաստանի Ազգային արխիւին համագործակցութեամբ իրականացած է։

Աւելցնենք, որ Արցախեան բնակավայրերու պատմական անցեալի տոհմագրութեան շուրջ առանձին աշխատութիւններ հրատարակելու ծրագիր մը գոյացած է:

Ձէռնարկին խօսք առած է նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ամատունի Վիրապեան. «Արամի կեանքը կապուած է երեք քաղաքներու՝ Շուշի, ուր ան ծնած եւ նախնական կրթութիւն ստացած է, Երեւան, ուր ան իր հետագայ կրթութիւնը շարունակած եւ 1918-ին՝ Սարդարապատի ճակատամարտին եւ Մայիսեան հերոսամարտերուն բերումով դարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու առաջին նախարարը: Երրորդ քաղաքը Վանն էր, ուր անոր կեանքի հիմնական մասը անցած էր անսահման նուիրումով»:

Ապա ան ըսած է, թէ ներքին գործոց նախարարը այդ ժամանակուան դժնդակ պայմաններուն մէջ  փաստօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը եւս կազմակերպած է: