Խնդիրը Աւելի Մեծ է`Մշակոյթի Ոլորտին մէջ Կառավարման Ճգնաժամ է. Լիլիթ Գալստեան

Հայաստան

Այն ամէնը, որ կը կատարուի այս պահուն, պարզապէս ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներու դրսեւորման մէկ փոքր մասն է, Yerkir.am-ի հետ զրուցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի կողմէ կեանքի կոչուած` մշակոյթի եւ երիտասարդութեան մասնագիտական յանձնախումբի նախագահ Լիլիթ Գալստեան` անդրադառնալով կառավարութեան շէնքի առջեւ օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի աշխատակիցներու բողոքի ցոյցին:

«Ըստ էութեան, այստեղ հաւաքուած հանրութիւնը ոչ միայն օփերայի թատրոնի իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը կը պաշտպանէ, այլ նաեւ, կը կարծեմ, կը պայքարի առհասարակ մշակոյթի իրաւունքներու, մշակոյթի ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն պետութեան հայեացքը սեւեռելու համար: Եթէ իշխանութիւնը ունենար մշակոյթ երեւոյթի քաղաքական գիտակցումն ու ընկալումը, երբեք կառավարութեան կառուցուածքի նախագիծով չէր նախատեսուեր մշակոյթի նախարարութեան միաւորումը մէկ այլ նախարարութեան հետ: Ասիկա ցոյց կու տայ ոլորտը կարեւոր չհամարելու ու չարժեւորելու մասին, իսկ մշակոյթը հայ ժողովուրդի ինքնութիւնն է, այն պետականակերտ երեւոյթ է: Ես համոզուած եմ, որ այս մէկը ցոյց կու տայ նաեւ քաղաքական կամքի բացակայութեան մասին: Եթէ իշխանութիւնը յղումներ կ՛ընէ օրէնքի անկատարութեան, որ հիմք ծառայած է Օրբէլեանին պաշտօնէն ազատելու համար, ապա լիազօր մարմինը առնուազն 9 ամիս ժամանակ ունէր օրէնսդրական բարեփոխումով խնդիրը կարգաւորելու համար: Յիշենք, որ  ոչ թէ մարդը կը ծառայէ օրէնքին, այլ օրէնքը նախեւառաջ պէտք է ծառայէ մարդուն, ՀՀ քաղաքացիին եւ յետոյ լայն իմաստով` մշակոյթին»,- ըսած է Լիլիթ Գալստեան:

Ան ընդգծած է, որ ինք այդ հարցով բազմաթիւ խնդիրներ կը տեսնէ: «Շարունակ կը շրջանառուի Օրպէլեանի` հայոց լեզուի չիմացութիւնը: Այո՛, հայոց լեզուն մեր գերիշխանութեան խորհրդանիշերէն մէկն է, բայց, ըստ էութեան, հայոց լեզուին լաւ չտիրապետելը Կոնստանտին Օրբէլեանի ոչ թէ մեղքն է, այլ ողբերգութիւնն ու ցաւը: Այդ ցաւը հայ ժողովուրդնի կէսը կը կիսէ: Հայ ժողովուրդի կենսագրութիւնը ունեցող երկրին մէջ չարժեր խօսիլ լեզուի մասին: Այդ ուղերձը, որուն մէջ մեղադրանք կայ, ուղղուած է հայ ժողովուրդի 70 տոկոսին, որ կ՛ապրի Սփիւռքի մէջ:

Կը կրկնեմ` սա կը խօսի քաղաքական կամքի բացակայութեան մասին, որովհետեւ բաւական ժամանակ կար խնդիրը լուծելու նաեւ օրէնսդրութեամբ, պարզապէս մշակոյթի ոլորտը կը կառավարեն մարդիկ, որոնք մշակոյթի մարդոց հետ խօսելու տարրական բարոյեագիտութիւնը եւ իմացութիւնը չունին: Այն վարչահրամայական թոնը, որով կը խօսին արուեստագէտին հետ, առհասարակ` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին հետ, ոչ մէկ ձեւով «չի տեղաւորուիր» յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ: Նոյնիսկ սովետական շրջանին ես նման բան չեմ յիշեր:

Արուեստագէտին հետ վարչահրամայական հռետորաբանութեամբ չեն խօսիր: Միշտ կայ բարոյականութեան եւ օրէնքի նուրբ սահմանը, այս սահմանը աւելի զգօնութիւն ու նրբանկատութիւն կը պահանջէ մշակոյթի, ստեղծագործող անհատականութեան պարագային»,- ըսած է Լիլիթ Գալստեան:

Յիշեցնենք, որ կառավարութեան գլխաւոր մասնաշէնքին առջեւ առտուընէ հաւաքուած են օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի աշխատակիցները: Անոնք կը բողոքեն Կոնստանտին Օրպէլեանը օփերային թատրոնի տնօրէնի պաշտօնէն հանելու որոշումին դէմ եւ մտադիր են նամակ փոխանցել կառավարութեան` մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Նազէնի Ղարիբեանի հրաժարականի պահանջով: