Էրտողանի Կուսակցութիւնը ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Պարտուած է Թրքական Խոշոր Քաղաքներուն Մէջ

Աշխարհ

Մարտ 31-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը թէեւ յաղթած է ընդհանուր ընտրութիւններուն, սակայն պարտուած է մայրաքաղաք Անգարայի, ինչպէս նաեւ երկրի խոշորագոյն քաղաքին` Պոլսոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը։

Համապատասխան տուեալները հրապարակած է Բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողովը:

Ինչպէս կը նշէ korrespondent.net կայքը, Անգարայի մէջ յաղթած է ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Մանսուր Եաւաշը` հաւաքելով ձայներու 50%-էն աւելին: Մինչդեռ Էրտողանի կուսակցութեան թեկնածու, գործող քաղաքապետ Մեհմեթ Օզհասեքը հաւաքած է ձայներուն 47,06%-ը: Այսպիսով` վերջ գտած է Էրտողանի կուսակցութեան` մայրաքաղաքին նկատմամբ 25 տարուան իշխանութեան ժամանակահատուածը:

Իսկ Պոլսոյ մէջ իրենց յաղթանակին մասին յայտարարած են ե՛ւ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը ե՛ւ ընդդիմադիր ներկայացուցիչները: Մասնաւորապէս` քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրուած Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած է մրցակիցէն մօտ 28 000 ձայնով առաջ անցնելու մասին: Մինչդեռ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան տուեալներով` իր թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն 4000-ով աւելի ձայն հաւաքած է, քան Եըլտըրըմը:

Կը նշուի, որ գրեթէ բոլոր քուէաթերթիկներու մշակման արդիւնքով պարզուած է, որ Եըլտըրըմ ստացած է ձայներուն 48,7%-ը, իսկ անոր մրցակիցը` 48,65%-ը:

Ընդհանուր առմամբ, ՏԻՄ ընտրութիւններուն յաղթած են «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան թեկածուները:

Նախընտրական հարցախոյզերը կանխատեսած էին, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը կրնայ պարտուիլ մայրաքաղաք Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ։

Թուրքերու դժգոհութեան պատճառը տնտեսական վիճակն է, ազգային արժոյթի` լիրայի արժէզրկումը, ուստի` որոշ ընտրողներ յայտնած էին, որ պատրաստ են «պատժելու» Էրտողանը: