
Բողոքի Ցոյց ՀՀ Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց. Կը Պահանջուի Նազենի Ղարիբեանի Հրաժարականը
ՀՀ կառավարութեան գլխաւոր մասնաշէնքին առջեւ՝ այսօր առաւօտեան հաւաքուած են Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի աշխատակիցներ։ Անոնք կը բողոքեն (Կոնստատնտին Օրբելեանը՝ օփերայի թատրոնի տնօրէնի պաշտօնէն զրկելու որոշման դէմ եւ մտադիր են նամակ փոխանցելու կառավարութեան՝ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Նազենի Ղարիբեանի հրաժարականին պահանջով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։
Յիշեցնենք, որ ըստ Նազենի Ղարիբեանի՝ նոր տնօրէնին անունը յայտնի կը դառնայ այսօր՝ Ապրիլ 1-ին։