Վիեննայի Մէջ Կայացան Հայաստանի Վարչապետին Ու Ատրպէյճանի Նախագահին Բանակցութիւնները
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները:
Հանդիպումը սկսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ:
Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող քննարկումները շարունակած են առանձին, իսկ հանդիպումի աւարտին՝ համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները կրկին միացած են անոնց:
Ըստ հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութեան, հանդիպումը կայացած է դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ եւ կարելիութիւն ընձեռուած է երկու ղեկավարներուն` պարզաբանելու իրենց դիրքորոշումը: Անոնք միտքեր փոխանակած են լուծման հոլովոյթին վերաբերող կարգ մը հիմնական հարցերու շուրջ: «Երկու ղեկավարները ընդգծած են խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման եւ բանակցային հոլովոյթին մէջ հետագայ յստակ եւ զգալի քայլերու ձեռնարկելու կարեւորութիւնը` տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով»:
«Հանդիպումին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը վկայակոչած են Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, կարեւոր նկատած են զինադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու իրականացումն ու ուղիղ հաղորդակցութեան մեքանիզմներու բարելաւումը: Զրուցակիցները ընդգծած են բանակցային հոլովոյթին համար բարենպաստ եղող, տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով նպաստաւոր մթնոլորտ ձեւաւորելու եւ այդ ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր կատարելու կարեւորութիւնը: Համաձայնութիւն եղած է մարդասիրական շարք մը նախաձեռնութիւններ իրականացնելու:
«Կողմերը յանձնարարած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունենալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ` համաձայնելով շարունակել երկխօսութիւնը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

