Ստեփանակերտի Մէջ՝ Արամ Մանուկեանի 140-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Այլեւայլ, Հայաստան

Մարտ 29-ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին: Հայոց պետականութեան հիմնադիր, քաղաքական, ռազմական ու հասարակական գործիչին կեանքը եւ գործունէութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսին ներկայացուած են արժէքաւոր արխիւային փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը։

Արամ Մանուկեան (Սարգիս Յովհաննիսեան) ծնած է 19 Մարտ, 1879-ին, Շուշի, բայց իր հիմնական գործունէութիւնը ծաւալած է հայրենիքի այլ շրջաններու մէջ՝ ֆետայական պայքարէն մինչեւ պետականութեան կերտում, Վանի նահանգապետութենէն մինչեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակում, պաշտպանութիւն ու կայացում:

Բացման ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պաշտօնատար անձեր եւ հիւրեր:

Ծրագիրը իրականացաւ Հայաստանի Ազգային արխիւին հետ համատեղ։

Նշենք, որ կը նախատեսուի Արցախեան բնակավայրերու պատմական անցեալի տոհմագրութեան վերաբերեալ առանձին աշխատութիւններ հրատարակել:

Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն, պատմական գիտութիւնների դոկտոր Ամատունի Վիրաբեան:

«Նրա կեանքը կապուած է եղել երեք քաղաքների հետ՝ Շուշի, որտեղ նա ծնուել եւ նախնական կրթութիւնն է ստացել, Երեւան քաղաքը, որտեղ նա շարունակել է իր յետագայ կրթութիւնը եւ 1918թ. կազմակերպել Սարդարապատի ճակատամարտը, Մայիսեան հերոսամարտերը եւ դարձել Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերի առաջին նախարարը: Երրորդ քաղաքը Վանն էր, որտեղ անցաւ նրա կեանքի հիմնական մասը եւ որին նա անսահման նուիրուած էր», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեան՝ աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարը կը կազմակերպէր կեանքի բոլոր ոլորտները եւ այդ ժամանակուան դժնդակ պայմաններուն մէջ ան փաստօրէն կազմակերպեց Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը: