
Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Բացայայտման Հարցով Հետեւողական Պիտի Ըլլանք. ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ
Ապրիլ 2-ին կը լրանայ Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով եւ շարք մը այլ պարգեւներով ու մետալներով պարգեւատրուած ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան 6-րդ տարելիցը:
Yerkir.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան յայտնած է, թէ նոր իշխանութիւնները 2018 Սեպտեմբերին գործը վերաբացած էին, սակայն որեւէ առաջընթաց տեղի չունեցաւ, եւ Դեկտեմբեր 28-ին գործը կրկին կասեցուեցաւ:
«Ինչպէս նախապէս, հիմա եւս մենք հետեւողական եւ պահանջատէր պիտի ըլլանք, որ ցերեկը տեղի ունեցած այս սպանութեան գործը բացայայտուի: Նախապէս բազմաթիւ շարժումներ, յստակ գործողութիւններ իրականացուցած ենք ե՛ւ նախագահականի, ե՛ւ դատախազութեան առջեւ, նոյնիսկ ճանապարհ փակած ենք, ԱԺ-ի մէջ քանի մը անգամ հնչեցուցած ենք խնդիրը, հանդիպումներ ունեցած ենք դատախազի եւ ոստիկանապետի հետ: Դժբախտաբար, նախորդ իշխանութիւններուն օրով գործը չէ բացայայտուած: Այս իշխանութիւններու օրով եւս, կարծես, ամէն ինչ գնաց նոյն տրամաբանութեամբ, քանի որ սպանութեան գործը քննած են նոյն քննիչները` նոյն քննչական խումբը, եւ գործը կրկին նոյն պատճառաբանութեամբ կասեցուած է: Մենք հետեւողական պիտի ըլլանք գործի լիարժէք բացայայտման հարցով»,- շեշտած է Սաղաթելեան:
Իբրեւ պատասխան այն հարցին, թէ պահանջա՞ծ են, որ փոխուի քննչական խումբի կազմը, ան պատասխանած է,- «Սպանութեան օրը՝ Ապրիլ 2-ին, գլխաւոր դատախազութեան շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց պիտի իրականացնենք, եւ մեր հիմնական պահանջներէն մէկը պիտի ըլլայ այ՛ն, որ ստեղծուի նոր քննչական խումբ, այսինքն՝ գործին վարոյթը վերսկսի եւ քննչական ենթակայութիւնը փոխուի: Մենք կը գտնենք, որ այն քննչական խումբը, որ նախապէս քննած եւ կասեցուցած է գործը, ի վիճակի չէ լիարժէք իրական քննութիւն իրականացնելու»:
ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը աւելցուցած է, որ կ՝ակնկալեն արդարութիւն եւ մեղաւորներու շրջանակի լիարժէք բացայայտում: «Տեղի ունեցած է սպանութիւն` ցերեկով: Մեր խորին համոզումով` Հրաչ Մուրատեանի սպանութիւնը անձնական դրդապատճառներ չունի, անոր սպաննած են իբրեւ Պռոշեանի գիւղապետ, հետեւաբար՝ մեր պահանջն է գործի լիարժէք բացայայտումը, եւ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք այդ ուղղութեամբ, երբեք պիտի չի լռենք եւ ետ չի կանգնինք մեր պահանջէն, որովհետեւ այդ կրակոցը կրակոց էր պետութեան դէմ: Եւ յատկապէս հիմա, երբ նախկինները թերացած են եւ չեն բացայայտած, ներկայ իշխանութիւնը պարտաւոր է ատիկա ընելու, հակառակ պարագային` կը նշանակէ, որ որեւէ բան չէ փոխուած, ամէն ինչ նոյնն է: Մենք այս պահուն տպաւորութիւն ունինք, որ իշխանութիւնները շահագրգռուած են բացայայտելու այն գործերը, որոնց մէջ քաղաքական հետաքրքրութիւն ունին: Իսկ այս պարագային շատ անտարբեր են»,- ընդգծած է Սաղաթելեան:
Ան յիշեցուցած է, որ սպանութեան նախորդած են շարք մը դէպքեր, որոնք այն ժամանակ պատշաճ կերպով չեն քննուած եւ անոնց չեն տրուած գնահատականներ: «Սպանութեան նախորդած են բազմաթիւ միջադէպեր՝ հրկիզում, կրակոց, վէճ, որոնց ժամանակին պատշաճ ուշադրութիւն չէ դարձուած: Եւ այդ անտարբերութեան իբրեւ արդիւնք եղաւ ա՛յն, ինչ՝ եղաւ»,- նշած է Սաղաթելեան:
Ան չէ համաձայնած է պնդումին, որ իրենք այս վեց տարիներուն ընթացքին բաւարար պահանջատէր չեն եղած: «Մենք ինչ կրցած ենք, ըրած ենք: Եւ այնպէս չէ, թէ նախապէս չենք ըրած, հիմա կ՝ընենք: Մենք հետեւողական պիտի ըլլանք` մինչեւ գործին բացայայտումը: Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան` հանրային լայն հնչեղութիւն ստացած այդ յանցագործութեան գործի բազմակողմանի, ամբողջական եւ իրական քննութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղաւոր անձերու պատասխանատւութեան ենթարկելու պահանջը մշտապէս պիտի ըլլայ մեր վերահսկողութեան ներքոյ»,- ընդգծած է Իշխան Սաղաթելեան: