Հայոց Ցեղասպանութիւնը Լուսարձակի Տակ Պիտի Առնուի Նեւատայի Մէջ Ծրագրուող Ողջակիզման Թանգարանին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Նեւատայի նահանգային խորհրդարանին ներկայացուած է թիւ 257 բանաձեւը, որուն նպատակն է կառուցել Ողջակիզման թանգարան մը, ուր Հրէական Ողջակիզման կողքին, լուսարձակի տակ պիտի առնուին նաեւ այլ ցեղասպանութիւններ, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը՝ վկայակոչելով «Լաս Վեկաս Ռիվիու-Ճըրնըլ»-ը։

Թանգարանը պիտի գործէ Նեւատայի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան հարցերու բաժանմունքին հովանիին ներքեւ:

Բանաձեւը ներկայացուած է Նեւատայի նահանգային խորհրդարանի անդամ Լիսա Քրասնըրի կողմէ։

Կազմակերպիչները կը նախատեսեն ներկայացնել նաեւ Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններու մէջ 21 դարուն տեղի ունեցած քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութեանց զանգուածային բնաջնջման փորձերը, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւններ ուրանալու ջանքերը։