Moody՛s-ի Կանխատեսումով՝ Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը «Կայուն»էն Անցած Է «Դրական»ի

Աշխարհ, Հայաստան

Moody՛s միջազգային վարկանիշային գործակալութիւնը Հայաստանի դրամատնային համակարգին համար կանխատեսումը փոխած է «կայուն»էն «դրական»ի:

Գործակալութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ Հայաստանի դրամատնային համակարգին վերաբերեալ Moody՛s-ի վերլուծութեան համաձայն՝ կանխատեսման փոփոխութիւնը կապ ունի տնտեսական շարք մը գործօններու հետ:

Ըստ գործակալութեան կանխատեսման՝ 2019-2020 թուականներուն Հայաստանի ՀՆԱ-ն (Համախառն ներքին արդիւնքները) պիտի պահպանէ բարձր մակարդակի աճ՝ տարեկան շուրջ 4.5 տոկոս:

«Տնտեսութեան աճը կը խթան՝է ներքին սպառման եւ արտահանման աւելացումը, որ նաեւ պիտի ապահովէ դրամատնային վարկաւորման աճը՝ տարեկան 12-15 տոկոսով: Տնտեսական աճի լաւ կշռոյթը եւ կայուն փոխարժէքը պիտի նպաստեն դրամական միջոցներու որակի յետագայ բարելաւման՝ 12-18 ամիս կանխատեսուող ժամանակահատուածի մէջ: Մեր կանխատեսումներուն համաձայն՝ 2020 թուականի աւարտին խնդրայարոյց վարկերու տեսակարար կշիռը պիտի կրճատուի 7.9 տոկոսէն (2018-ի վերջ) մինչեւ 6 տոկոս: Այնուամենայնիւ, դրամատնային ոլորտին մէջ տոլարազացիայի բարձր մակարդակը եւ մանրածախ վարկաւորման արագ աճը կ՛առաջացնեն վտանգներ դրամական միջոցներու որակի երկարաժամկէտ ապահովման համար»,- նշուած է զեկոյցին մէջ: