Արամ Ա. Ընդունեց Լիբանանի Երեք Հայկական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները

Սփիւռք

Մարտ 27-ին, Արամ Ա. ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն՝ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի մարմիններուն ներկայացուցիչները: Անոնք կաթողիկոսը տեղեակ պահեցին օր մը առաջ, յառաջիկայ Ապրիլ 24-ի նշման գծով իրենց ունեցած ընդհանուր խորհրդակցութեան մասին:

Վեհափառը առաջին հերթին գնահատեց երեք կուսակցութիւններու գործակցութիւնը՝ մաղթելով որ բոլոր գաղութներուն մէջ միջկուսակցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուի ու ծաւալի համազգային եւ համագաղութային ընդհանրական մտահոգութիւններու ու աշխատանքներու շուրջ: Խօսելով Ապրիլ 24-ի նշելու մասին՝ հայրապետը իր օրհնութիւնը եւ քաջալերանքը փոխանցեց կուսակցութեանց պատասխանատուներուն՝ շեշտելով որ բարձրագոյն աստիճանի կազմակերպուածութեամբ ու ժողովրդային մասնակցութեամբ է, որ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական կամքը պէտք է արտայայտուի աշխարհին դիմաց: