Քրիստիան Տէր Ստեփանեան Ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Քաղաքական Յանձնաժողովի Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսախօսութեան մշտական խորհուրդի (ՖՄԽ) Մարտ 26-ի նիստին, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան  (ՖՄԿ) գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիւապօ, Երեւանի համագումարի որոշումներու կատարման ընթացքին վերաբերեալ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հոկտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՖՄԿ-ի համագումարին եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն ժողովը գերազանց կազմակերպելուն համար:

Նիստին ելոյթ ունեցաւ ՖՄԽ-ի մօտ Հայաստանի վարչապետի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիստիան Տէր Ստեփանեան:

ՖՄԿ-ի մշտական խորհուրդի նիստը միաձայնութեամբ ՖՄԽ-ի Քաղաքական յանձնաժողովի նախագահ ընտրեց ՖՄԽ-ի մօտ դեսպան Քրիստիան Տէր Ստեփանեանը:

Քաղաքական յանձնաժողովը ՖՄԽ-ի կարեւոր յաձնաժողովներէն մէկն է: