Մամուլի Դերը Հայ Կնոջ Դաստիարակութեան Մէջ. 80-ամեակ ՀՕՄ-ի «Հայ Սիրտ» Պարբերաթերթին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Կաթողիկոս 2019 տարեշրջանը հռչակեց «ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ», ակնարկելով Հայ մամուլի ծագման ու անոր պատմական հոլովոյթին առնչուած կարգ մը հիմնական երեւոյթներուն։ Յիշեալ հռչակագիրով Հայ Մամուլի ծննդեան 225-ամեակը իր ամբողջական իմաստը կը գտնէ եւ կը դառնայ մղիչ ուժ ներկայ մամուլի գնահատման։

Պատմութեան մէջ հայ կնոջ գրական կեանքին մասին արժէքաւոր գրութիւն մը ունի Հայր Վարդան Հացունի, որ «Հայուհին Պատմութեան Առջեւ» գործին մէջ մէկտեղած է 5-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դար յիշատակուած գրասէր կամ գրագիտութեամբ զբաղող հայ կիներու անունները։

Հայուհիի գրական կեանքի զարթօնքի թուականը պէտք է նկատի ունենալ շուրջ 1860-ական թուականները, Ազգային Սահմանադրութեան թուականը, երբ պոլսահայ կեանքին մէջ անօրինակ եռուզեռ մը յառաջ կու գայ եւ 50-ի չափ նոր թերթեր լոյս կը տեսնեն։

Զարկ կը տրուի թատրոնին. հայ դպրոցներու կրթական մակարդակը կը բարձրանայ ու աւելի քան տասը նոր մշակութային միութիւններ կը յառաջանան Պոլսոյ մէջ։

Բնականաբար հայ կեանքի այդ ընդհանուր եռուզեռէն անմասն չի մնար հայ կինը եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայ կեանքը ոգեւորող գրական եւ մշակութային ձեռնարկներուն, ձեռնամուխ ըլլալով նաեւ հայերէն թերթ հրատարակելու աշխատանքին։

1 Օգոստոս 1862-ին լոյս կը տեսնէ հայ առաջին կնոջական թերթը՝ «Կիթառ», խմբագրութեամբ Օր. Էլպիս Կեսարացեանի։ Ապա այլազան թերթեր խմբագրութեամբ՝ Մարի Պէյլէրեանի, Կատարինէ Լիսիցեանի, Հայկանոյշ Մարքի, Սիրան Զարիֆեանի, տակաւին Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Եսայեանի, Հայ Կանանց Միութեան եւ այլն անուններով։

Մօտաւորապէս 225 տարուան պատկառելի տարիք ունի հայ մամուլը, սկսած 1794-էն, «Ազդարար» ամսագիրի հրատարակութենէն, որմէ ետք, աշխարհով մէկ լոյս տեսած են շուրջ 4000 թերթեր, օրաթերթեր, պարբերաթերթեր, շաբաթաթերթեր եւ այլն։

Մեծ եղած է մամուլի ազդեցութիւնը եւ դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Անոր կը պարտինք մեր գրականութեան մեծ դէմքերը։ Անոր կը պարտինք աշխարհաբար լեզուի կազմութիւնն ու զարգացումը։ Անոր կը պարտինք հայ հասարակական մտքի զարգացումը, մեր ձգտումները, յաղթանակներն ու պարտութիւնները։ Մամուլը տեղեկութիւններ փոխանցելու կողքին, նաեւ տագնապեցնող, ընդվզում պատճառող եւ երբեմն ալ ուրախացնող միջոց մըն է։

100-ամեայ ՍՕ Խաչը, որպէս հայ ժողովուրդի տառապանքէն ծնած կազմակերպութիւն, հարիւր տարի շարունակ իւրայատուկ մասնակցութիւն բերած է Սուրիոյ գաղութին, իր շարունակական ներդրումներով, եւ յատուկ դրոշմ դրած՝ հայ կնոջ կեանքին վրայ։ Դուրս բերած է հայ կինը իր աւանդական կոչումէն իբրեւ զաւակներու հոգատար մայր, որպէսզի կերտէ իր անկախ ինքնութիւնը մեր կեանքէն ներս, առանց վնասելու իր մայրական առաքելութեան։

1919-ին հիմնադրուած Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի 100-ամեակն է այս տարի, նաեւ՝ 80-ամեակը Հայ Օգնութեան Միութեան օրկան՝ «ՀԱՅ ՍԻՐՏ» պարբերաթերթին, որ իր կարգին որպէս հրատարակութիւն եզակի դեր խաղացած է հայ կնոջ զարգացման եւ անոր դերակատարութեան ծաւալման մէջ։

Պարբերաթերթը 1939-1956 ժամանակամիջոցին կը հրատարակուի «ՀԱՅ ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉ» անունով, սակայն ՀՕՄ-ի 36-րդ պատգամաւորական ժողովի որոշումով, թերթի մկրտութեան անունը կ’ըլլայ «ՀԱՅ ՍԻՐՏ», կնքամայրութեամբ՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, Հայ կնոջ սիրտը ունենալով իբրեւ առաջնորդ։

Անոր հրատարակութիւնը անկիւնադարձ մը կ’ըլլայ Օգնութեան Խաչի մամուլի պատմութեան մէջ թէ՛ իր որակով եւ թէ աշխատակիցներով։

Երբ կը հիմնուէր «ՀԱՅ ՍԻՐՏ»ը, հիմնադիրները հաւանաբար կը մտածէին որպէս մէկ սիրտ, հասնիլ հայութեան բարձրագոյն տենչերուն եւ իտէալներուն։

Պարբերաթերթը իր շուրջ կը համախմբէ հին ու նոր անդամուհիներ, ու երեւան կը բերէ նոր տաղանդներ, իրենց քերթուածներով, պատմուածքներով, յուշագրութիւններով եւ ՀՕՄ-ի միաւորներու գործունէութեանց տեղեկագրերով։ «ՀԱՅ ՍԻՐՏ»ը կարծես կը հաւաքէ սփիւռքեան պառակտուած հատուածները։

Պարբերաթերթին որդեգրած խորագրերը կամայական կամ պարագայական չեն եղած։ Անոնք արտացոլացուցած են տուեալ ժամանակաշրջանի մեր ժողովուրդին տագնապները, ձգտումները եւ տեսլականները։

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը կու գայ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալու նաեւ ՀՕՄ-ի մամուլին վրայ, եւ թուղթի սակագինի սղութեան պատճառով լոյս տեսնելէ կը դադրի «ՀԱՅ ՍԻՐՏ»ը, ինչպէս շատ մը թերթեր։

Սփիւռքի կնոջական-բարեսիրական միութեան դերը ստանձնած ՀՕՄ-ը հայ մամուլի միջոցով կը նպատակադրէ.-
Ա- Պատրաստել Հայ գիտակից մայրեր.
բ- Զարկ տալ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան.
Գ- Առողջ պահել հայ ընտանիքը.
դ- Հայ կինը մղել հաւաքական աշխատանքի
Ե- Զարգացնել հայ կնոջ մէջ ձեռներէցութեան ոգին.

80 տարիներու ընթացքին, այս եղած է նպատակակէտը Հայ Օգնութեան Միութեան հրատարակած «ՀԱՅ ՍԻՐՏ»ին, որուն էջերուն ընդմէջէն հայ կինը ծանօթացած է կիները յուզող հարցերուն, ստացած է դաստիարակչական, կազմակերպչական, մանկավարժական եւ առողջապահական նիւթերու մասին գիտելիքներ, հաղորդուած է Հայ Օգնութեան Միութեան համաշխարհային գործունէութեան, ծանօթացած է գաղութի վաստակաւոր դէմքերուն, եւ պարբերաբար իրազեկ դարձած շրջաններու նիւթաբարոյական գործունէութեանց։

ՍՕ Խաչը 2019-ի «ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ»ուան հանդիսութիւնը կը նուիրէ հայ կին խմբագիրներուն, արձագանգելով Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրին, մնալով հաւատարիմ՝ «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ» կարգախօսին։

Նափոլիոն Պոնաբարթ ըսած է. «Ես աւելի մեծ վախ կը զգամ երեք թերթերէ, քան հարիւր հազարանոց բանակներէ»։

ՍՕ Խաչի
Շրջանային Վարչութիւն