
Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբին Միջամտութեան Շնորհիւ Հայերէնի Իմացութիւնը Կլենտէյլի Համալսարանին Աշխատանքի Պայմաններէն Կը Դառնայ
20 Մարտ թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանին այն որոշումը, թէ այսուհետեւ համալսարանին Կարֆիլտի մասնաճիւղին մէջ աշխատանքի ընդունուելու «բաղձալի պայմաններ»էն մէկը պիտի դառնայ հայերէնի կամ սպաներէնի իմացութիւնը։
Ըստ “Ասպարէզ”-ի՝ այս բարեփոխումին մասին Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչները տեղեկացան 4 Մարտին, Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանին եւ վերահսկիչ՝ դոկտ. Տէյվիտ Վիարի եւ հոգաբարձութեան անդամներ՝ Էն Ռենսֆորտի եւ դոկտ. Արմինէ Յակոբեանի հետ հանդիպման մը ընթացքին։
«Կ՛ողջունենք համալսարանին ղեկավարութեան ցուցաբերած համագործակցութեան ոգին եւ պիտի շարունակենք մօտէն գործակցիլ համալսարանի պաշտօնատարներուն հետ, վստահ ըլլալու համար, որ աշխատանքի արդար եւ հաւասար պայմաններ երաշխաւորուած են բոլորին համար», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Ռանի Ղարիպեան՝ նշելով, որ կողմերը համաձայնած են այս նպատակով գործակցութիւնը շարունակել։
«Անգլերէնը իբրեւ երկրորդ լեզու» դասընթացքներուն մասին արտայայտուելով՝ դոկտ. Տէյվիտ Վիար յայտնեց, թէ նման դասաւանդումներ առաջնորդողներուն համար այլ լեզուի մը ծանօթութիւնը պարտաւոր չէ, սակայն ընդունած է, թէ այլ երկիրներէ ժամանող աշակերտներուն համար օգտակար կրնան ըլլալ իրենց մայրենիին եւ մշակոյթին ծանօթ դասատուներու ներկայութիւնը։
«Հաւանական պաշտօնեաներ հարցաքննող յանձնախումբին անդամները մշակութային զգայնութիւնները նկատի ունենալու համար, յատուկ մարզումներու կը հետեւին եւ մեր միակ մարտահրաւէրը լեզուական փոքրամասնութիւններէն պաշտօնեաներու ներգրաւումն է։ Այդ նպատակով ջանք կը տանինք, սակայն նման մարտահրաւէրներու յաղթահարումը ժամանակի կը կարօտի», աւելցուց դոկտ. Արմինէ Յակոբեան։
Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը տեղեկութիւններ ստացած էր Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի Կարֆիլտի մասնաճիւղին մէջ աշխատանքի հաւասար իրաւունքներու հաւանական խախտումներու մասին, յատկապէս հայ դիմողներու վերաբերեալ, որուն հիման վրայ սկսած էր հետապնդելու հարցը, բաւարար փաստեր գտնելով նման կասկածներու մասին։
Անոնց հիման վրայ, Հայ Դատը Դեկտեմբերին հանդիպումներ ունեցաւ համալսարանի վերահսկիչին եւ հոգաբարձութեան անդամներուն հետ, ներկայացնելով իր մտահոգութիւնները եւ առաջարկելով դասատուներուն «բաղձալի պայմաններ»էն մէկը դարձնել հայերէնի իմացութիւնը։
Վերջին քանի մը ամիսներուն, համալսարանը գլխաւորաբար «Անգլերէնը իբրեւ երկրորդ լեզու» դասընթացքներուն վրայ կեդրոնացող Կարֆիլտի մասնաճիւղին համար վարձած է ամերիկահայ երեք ժամանակաւոր եւ մէկ լիաժամ պաշտօնեաներ, սակայն ցարդ լիաժամ հայախօս դասատուներ չեն վարձուած։
Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանին Կարֆիլտի մասնաճիւղին 7617 ուսանողներուն մօտաւորապէս 50 տոկոսը հայ է եւ կ՛ակնկալուի, որ հայ ուսանողներուն թիւը աճի յառաջիկայ տարիներուն։ Ներկայիս, հաստատութեան պաշտօնեաներուն միայն մէկ երրորդը հայ է։