
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հանդիսապետէ Միջինքի Արարողութեան` Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Տասնամեակներու աւանդութեան համաձայն, Միջինքին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի արարողութեան կը հանդիսապետէ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ իր հայրապետական պատգամը կու տայ ժողովուրդին: Այս տարի եւս, ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին, վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Արեւագալի արարողութեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին կողքին, արարողութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայկական վարժարաններու աշակերտներ: Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց դպրեվանքի ուսանողութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանի ողջոյնի խօսքէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը առաւելաբար ուղղեց հոն ներկայ գտնուող հայ դպրոցներու աշակերտներուն ու շեշտը դրաւ լոյսի կարեւորութեան վրայ` ըսելով, որ Արեւագալի ժամերգութիւնը արեւուն գալուստը փառաբանող շարականներով լեցուն ժամերգութիւն մըն է, իսկ արեւը` լոյսը, Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է: Անդրադառնալով լոյսին քրիստոնէական հասկացողութեան` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց հոգեւոր ու բարոյական լոյսի կարեւորութիւնը: «Դարձեալ Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ մեզի, թէ լոյսը հոմանիշ է առաքինութեանց, վեհ արժէքներու ու բարի գործերու, այս բոլորէն վեր Աստուծոյ ներկայութեան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Վեհափառ հայրապետը ապա խօսեցաւ «Հրաժարիմք»-ին մասին եւ աշակերտներուն պատուիրեց հեռու մնալ կեանքի խաւար գործերէն ու մտածումներէն եւ դառնալ լոյսին: Տեսակ-տեսակ սատանաներ կը փորձեն զանազան կերպերով ներթափանցել մեր կեանքին մէջ: Պէտք է զգո՛ւշ ըլլալ: Մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին իր հաւատքի զօրութեամբ մաքառած է խաւարին դէմ: «Մենք եւս մեր կեանքը լեցնենք աստուածային լոյսով, որպէսզի խաւարային մտածումներն ու արարքները չմօտենան մեր կեանքին», ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հետեւի՛նք մեր մեծերուն, մեր ծնողներուն, կանոնաւոր կերպով եկեղեցի յաճախե՛նք, հա՛յ դպրոցի ուսանող դառնանք, որպէսզի հոգեւոր, բարոյական, ազգային ճշմարիտ լոյսով լիցքաւորուի մեր կեանքը»: