Սեպտեմբեր 1-էն 38,000 Ուսուցիչի Աշխատավարձ 10 Տոկոսով Պիտի Բարձրանայ․ Փաշինեան

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրադարանին մէջ Մարտ 27-ին յայտարարած է, որ պետական ամավարկի յաւելեալ եկամուտներու շնորհիւ Սեպտեմբեր 1-էն 10 տոկոսով պիտի բարձրանայ հանրակրթական դպրոցներու 38,000 ուսուցիչի աշխատավարձը:

Փաշինեան նշած է նաեւ, որ 303 քմ․ ճանապարհներ պիտի հիմնանորոգուին, «ինչ որ աննախադէպ է»:

«Այս ցուցանիշին մէջ չի մտներ Հիւսիս-հարաւ ծրագիրով կառուցուող ճանապարհները», – ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետին խօսքով, լրացուցիչ եկամուտները ստուերի դէմ վարած քաղաքականութեան արդիւնքն են:

«Այս գործընթացին պատժիչ մեթոտներ չեն կիրառուիր, այլ վերլուծութեան, երկխօսութեան մեթոտով կը կարուի: Միւս գործօնը քաղաքացիներու ու կառավարութեան գործակցութիւնն է: ՀՀ քաղաքացիները կ՛արձագանքեն կառավարութեան կոչերուն ու կը մասնակցին ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքարին` որեւէ գնում ընելէն ետք ՀԴՄ կտրոն պահանջելով», -ըսած է վարչապետը: