
ՀՀ Վարչապետը Տնտեսութեան Ցուցաբերած Արձագանգը Բացառիկ կը Համարէ
Հայաստանի մէջ քաղաքական խոր փոփոխութիւններու, քաղաքական անկայունութեան իբրեւ արդիւնք անգամ երկրին մէջ յաջողուած է պահպանել տնտեսական, փոքր-տնտեսական կայունութիւնը: Իսկ հիմա արդէն Հայաստանը թեւակոխած է երկարատեւ քաղաքական կայունութեան շրջան, որ կ՝արտայայտուի տնտեսութեան մէջ: Ըստ Armenpress.am-ի` Ազգային ժողովէն ներս ՀՀ կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին զեկոյցի քննարկման ժամանակ, այս մասին վստահեցուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Այս ամիսներուն մեր գործունէութիւնը ինծի հիմք կու տայ վստահօրէն պնդելու, որ տնտեսութեան մէջ մենք պիտի ունենանք եւ արդէն իսկ ունինք լրջագոյն յաջողութիւններ: Յունուարին Հայաստանի տնտեսական աճի աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 5.5 տոկոս, իսկ արդէն Փետրուարին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 7.6, եւ երկամսեայ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 6.5 տոկոս: Թիւերը ինքնին դրական կը համարենք, սակայն չենք համարեր, որ մենք հասած ենք մեր ցանկացած ցուցանիշին: Այստեղ կարեւոր է առաջընթացը»,- ըսած է Փաշինեան:
Ան յիշեցուցած է, որ նախորդ տարուան Սեպտեմբերին, Հայաստանը նոյնիսկ հասած էր մասնահատման շեմին: Մեր տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կը ձգտէր ընդհուպ 0-ի եւ նոյնիսկ բացասական էր: «Եւ այդ ժամանակ շատ կանխատեսումներ կը հնչէին, թէ ամէն ինչ աւարտած է: Մենք կը պնդէինք, որ ամէն ինչ դեռ նոր կը սկսի: Եւ այդ պահէն սկսեալ, մեր տնտեսութեան մէջ դրական ընթացք կայ: Եւ այդ դրական ընթացքը ունի շատ լուրջ բովանդակութիւն, եւ ես որեւէ կասկած չունիմ, որ մեր վարած քաղաքականութիւնը շարունակաբար եւ հետեւողականօրէն պիտի տանի դրական ընթացքի»,- նշած է վարչապետը:
Նախորդ տարուան տնտեսական ցուցանիշներուն մասին խօսելով՝ Փաշինեան խորհուրդ տուած է յիշելու քանի մը տուեալ: 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է վարչապետի հինգ ընտրութիւն: Երեք վարչապետ փոխուած է երկրին մէջ, ընտրուած է նախագահ, կայացած են Երեւանի քաղաքապետի մէկ արտահերթ ընտրութիւն, ԱԺ լուծարում, ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ, եւ երկրին մէջ տեղի ունեցած է ոչ բռնի, թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութիւն: Փաշինեան նկատած է` համաշխարհային պատմութեան մէջ չենք կրնար գտնել որեւէ երկրորդ երկիր, ուր տեղի ունեցած են այս ծաւալի քաղաքական փոփոխութիւններ, ինչպէս ընդունուած է ըսել, քաղաքական անկայունութեան շրջան, եւ անոր չէ հետեւած խոր տնտեսական մասնահատման շրջանը: «Եւ երբ կ՝ըսենք, որ Հայաստանը բացառիկ է երկրին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն եւ անոր բովանդակութեամբ, ՀՀ-ն բացառիկ է նաեւ այդ խորութեամբ քաղաքական փոփոխութիւններուն տնտեսութեան ցուցաբերած արձագանգով: Նախորդ տարին քաղաքական առումով լարուած, վերիվայրումներու տարի էր, եւ մենք յաջողոեցանք պահել տնտեսական, փոքր-տնտեսական կայունութիւնը: Բայց այս տարուան համար մեր արձանագրումը բոլորովին ուրիշ է»,- նշած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ հիմա ՀՀ-ն թեւակոխած է երկարատեւ քաղաքական կայունութեան շրջան, որ հիմա սկսած է արտայայտուիլ տնտեսութեան մէջ: