
Հայկական Ուժերը Կասեցուցած են Հակառակորդի Դիրքերը Առաջ Բերելու Ջանքերը
Հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ, Մարտ 26-ի երեկոյեան, Բերդաւան գիւղի մերձակայքի մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, միջդիրքային տարածքին վրայ, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փորձած են շինարարական աշխատանքներ իրականացնել՝ մօտեցնելու համար իրենց դիրքերը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ չենթարկուելով հայկական յառաջապահ ստորաբաժանումներու նախազգուշացումներուն՝ ատրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Պատասխան կրակով հայկական կողմը հակառակորդը լռեցուցած է եւ շինարարական աշխատանքները՝ կասեցուցած: Հայկական կողմէն տուժողներ չկան: