
Թրամփի Քայլը Կրնայ Նպաստել Արցախի Միջազգային Ճանաչման․ Դաւիթ Բաբայեան
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանի կարծիքով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կոլանի բարձունքները Իսրայէլի մաս ճանչնալու որոշումը հիմնական զարգացում է միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, անիկա կրնայ նպաստել Արցախի միջազգային ճանաչման եւ պաշտօնական Ստեփանակերտը պէտք է օգտուի այս հնարաւորութենէն:
«Սա իրօք շատ հիմնական զարգացում է: Նախագահ Թրամփ փաստօրէն իր որոշումը հիմնաւորած է հետեւեալ ձեւով, որ Կոլանի բարձունքները ունին ճգնաժամային նշանակութիւն Իսրայէլի անվտանգութեան համար: Այնտեղ նոյնիսկ չկայ որեւէ յղում պատմական եւ այլ ինչ-որ խնդիրներու վրայ, սա զուտ անվտանգութեան տեսանկիւնէ է: Կոլանի բարձունքները գրեթէ նոյնանման նշանակութիւն ունին Իսրայէլի համար, ինչպէս Քարվաճառի կամ Շահումեանի շրջանը` Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեան համար», – «Ազատութեան» հետ զրուցի ժամանակ Մարտ 27-ին ըսած է Բաբայեան:
Ան մանրամասնած է․ «Կոլանի բարձունքներուն վրայ կը գտնուին Յորդանան գետի ակունքները, եւ այդ շրջանը ջրային նուիրատու է Իսրայէլի համար, ինչպէս Քարվաճառի շրջանը Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեան համար:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կոլանի բարձունքները որպէս Իսրայէլի անբաժան մաս ճանչնալու մասին յուշագիրը ստորագրեց Երկուշաբթի երեկոյեան` յայտարարելով, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի անխախտ դաշինքը երբեք այդքան ամուր չէ եղած, ինչպէս այժմ:
Ուշագրաւ է, որ իր այդ որոշումը ԱՄՆ նախագահը պատճառաբանած է Իսրայէլի պաշտպանունակութիւնը ամրապնդելու ձգտումով:
«Միացեալ Նահանգները կը ճանչնայ ինքնապաշտպանութեան բացարձակ իրաւունքը, որով օժտուած է Իսրայէլը: Այժմ ես կը դիմեմ պատմական քայլի մը, որ ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդէ այդ երկրի պաշտպանունակութիւնը, հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի հզօր ազգային անվտանգութիւն կերտել, անվտանգութիւն, որու իրաւունքը Իսրայէլը հաստատ ունի», – Սպիտակ տան մէջ յայտարարած է Թրամփ` նախքան ստորագրելը տեղի ունեցած կարճատեւ ասուլիսի ընթացքին՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանեահուի հետ համատեղ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը առայժմ չի մեկնաբաներ ԱՄՆ նախագահին այս քայլը:
«Մենք ամէն տեղ պէտք է ատիկա օգտագործենք որպէս նախադէպ, ցոյց տանք, որ մենք ալ ունինք նոյն իրավիճակը: Այն, որ Թրամփ այդ որոշումը կայացուցած է, եւ ատոր հիմնաւորումը անվտանգութեան տեսանկիւնէ է, ատիկա շատ լաւ առիթ է տարբեր հարթակներու վրայ զայն ներկայացնելու: Եւ մենք պէտք է այստեղ համախմբուինք` Հայաստան, Արցախ, սփիւռք: Լաւագոյն առիթ է: Սա կարծես թէ առանց մեր աշխատանքի մեծ պարգեւ է․․․ Չօգտագործել զայն` պարզապէս յանցագործութիւն կ՛ըլլայ»,-ըսած է Դաւիթ Բաբայեան: