ԵԽԽՎ Նախագահը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Հայաստան

ԵԽԽՎ նախագահ Լիլիան Մորի Պասքիէն ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի ուղեկցութեամբ Մարտ 27-ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Անոնք ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակի մօտ, յարգած Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու յիշատակը: Լիլիան Մորի Պասքիէն եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացած ցուցանմուշներուն, գրառում ըրած է յուշամատեանին մէջ:

ԵԽԽՎ նախագահը նշած է, որ այսօր ալ դեռ կ՛իրականացուին ցեղասպանութիւններ եւ պէտք է պայքարիլ ատելութեան, այլատեացութեան եւ խտրականութեան դէմ, որոնք կը յանգեցնեն յանցագործութիւններու եւ դէմ են մարդու իրաւունքներուն, արժանապատւութեան»,- ըսած է Պասքիէն: