Արցախի Մէջ Ժամկէտային Զինծառայող մը Զոհուած է

Հայաստան

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, Մարտ 26-ի ժամը 18:40-ի սահմաններուն, դեռ չպարզուած հանգամանքներով՝ զոհուած է 1998-ի ծնունդ, ժամկէտային զինծառայող Արա Գէորգի Առաքելեանը:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: