
Ալիեւի Հետ Յառաջիկայ Հանդիպումին Մտքեր Պիտի Փոխանակուին Արցախը Բանակցութիւններուն Մէջ Ներգրաւելու Շուրջ. Նիկոլ Փաշինեան
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ՛ընդգծէ, որ Ատրպէյճանի նախագահին հետ յառաջիկայ հանդիպման ընթացքին մտքեր պիտի փոխանակուին Արցախը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու հարցին շուրջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ վարչապետը նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Ազգային ժողովին մէջ ՀՀ կառավարութեան ծրագրի կատարման եւ ընթացքի մասին զեկոյցի քննարկման ժամանակ` պատասխանելով ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանի հարցումին:
Պատգամաւորին հարցումին, թէ կարելի է ենթադրել, որ Իլհամ Ալիեւի հետ յառաջիկայ հանդիպման ընթացքին մտքեր պիտի փոխանակուին նաեւ Արցախը բանակցութիւններու մէջ ներգրաւելու հարցին շուրջ, ՀՀ վարչապետը պատասխանեց. «Այո, ի հարկէ, Ստեփանակերտի մէջ իմ ունեցած ելոյթի առաջին դրոյթը ատիկա էր: Ես իմ ասուլիսի ժամանակ ալ ըսի, որ ես կը ցանկամ, որ բոլորս ճիշդ հասկնանք, որովհետեւ կան տարբեր մեկնաբանութիւններ ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ Հայաստանէն դուրս: Տարօրինակ կերպով նաեւ Հայաստանի մէջ մեկնաբանութիւն կայ, որ սա բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան առաջարկ է: Սա բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան առաջարկ չէ եւ չի կրնար ըլլալ»:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ կրնայ կանխատեսել` Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկումները պիտի ըլլան նախապէս հնչած յայտարարութիւններու ծիրէն ներս: «Այն, ինչ յայտարարած եմ Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստի ընթացքին, ատիկա, ըստ էութեան, այն օրակարգն է, որով մենք կ՛երթանք բանակցութիւններու, քննարկումներու, եւ, ըստ էութեան, սա այն հարթակն է, որուն վրայ պիտի հիմնուինք յետագայ բանակցային ողջ գործընթացի ընթացքին»,- ըսած է Փաշինեան:
Անդրադառնալով Նայիրա Զոհրապեանի հարցումին` կայ արդեօք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու առաջիկայ հանդիպման օրակարգը, Փաշինեան պատասխանեց, որ Ատրպէյճանի նախագահին հետ նախորդ քննարկումներու ժամանակ յայտնած է իր դիրքորոշումը, որ առնուազն սկզբնական փուլին այդ հանդիպումները պէտք չէ յստակ օրակարգ ունենան: «Պէտք է ըլլան հարցերու լայն շրջանակ, եւ մենք ուղղակի պէտք է մտքեր փոխանակենք տարբեր հարցերու վերաբերեալ»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը: