Ծառատունկ՝ Ի Յիշատակ Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերուն

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը, ՀՅԴ Ազատամարտիկներու յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-Հասկը եւ Համազգայինը Մարտ 30-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Եռաբլուր պանթէոնին մէջ պիտի կազմակերպեն միացեալ ծառատունկ՝ ի յիշատակ Ապրիլեան պատերազմի զոհերուն:

Ձեռնարկին ընթացքին Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկը, որ կը զբաղի Հայաստանի մէջ արեան հիւանդութիւններով տառապող երեխաներու բուժումով, յատուկ տաղաւարի մը մէջ պիտի իրականացնէ կամաւորներու արձանագրութիւնը:

Աւելցնենք, որ արիւն տալը անվնաս եւ առանց ցաւի գործընթաց է, կը տեւէ քանի մը վայրկեան, սակայն համապատասխանութեան յայտնաբերման  պարագային կեանքեր փրկելու կարելիութիւն կը ստեղծէ:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանգուցեալ ՀՕՄ-ուհիներու, զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինուորներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: