Յարգանքով Կը Խոնարհիմ Նախահայրերուս Զոհողութիւններուն Առջեւ. Լիբանանի Ընկերային Հարցերու Նախարար Գույումճեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Լիբանանի Հանրապետութեան ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան շաբաթավերջին այցելեց Ժիպէյլ` ընդառաջելով Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթի հրաւէրին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Ժիպէյլի մէջ Գույումճեան հանդիպումներ ունեցաւ նահանգապետ Նաթալի Մըրհի- Խուրիի, Ժիպէյլի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոսի, Ժիպէյլի քաղաքապետ Ուիսամ Զաարուրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու Ապտօ Ապի Խալիլի հետ:

Ժիպէյլ կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ Գույումճեան այցելեց նաեւ «Թռչնոց բոյն», ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ:

«Թռչնոց բոյն»-ի եւ անոր աշակերտութեան ծանօթանալէ ետք, Գույումճեան երեսփոխան Բագրատունիի ընկերակցութեամբ այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը:

Թանգարանին մէջ Գույումճեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու զոհողութիւններուն, ինչպէս նաեւ մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն` հաստատելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան իրենց պատմութեան:

Ան նշեց, որ այս կեդրոնին Ժիպէյլի մէջ ըլլալու կարեւորութիւնը կու գայ այն իրականութենէն, որ Ժիպէյլ պատմական քաղաք է եւ հպարտ պէտք է զգայ, որ կ՛ընդգրկէ այս որբանոցը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան որբերը հասակ առին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ տարածուեցան:

«Իբրեւ հայեր մենք մեր պատմութիւնը եւ իբրեւ հայութիւն մեր գոյութիւնը պաշտպանեցինք: Այս առումով ինչ որ ալ ըսենք, անկարելի է, որ շնորհակալութիւն չյայտնենք Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որովհետեւ նաեւ լիբանանցի ենք», ըսաւ ան:

Ռ. Գույումճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայութիւնը հիւրընկալող ժողովուրդին եւ ընդգծեց, որ իբրեւ փոխադարձ կեցուածք հայութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ եւ գլխաւոր դերակատարութիւն կը ստանձնէ Լիբանանի վերաշինութեան եւ անոր տնտեսութեան ու ճարտարարուեստի բարգաւաճման ի խնդիր:

Ան անդրադարձաւ, որ լիբանանահայութեան  նկատմամբ անիրաւութիւն կայ` շեշտելով, որ ինք նախարարութեան ճամբով, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ գործակցելով եւ խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններուն հետ` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Յ. Բագրատունիի, պիտի աշխատի` ապահովելու հայութեան իրաւունքները եւ լաւագոյնս պիտի ծառայէ լիբանանահայութեան:

Նախարար Գույումճեան ըսաւ. «Անհրաժեշտ է խոնարհիլ մեր նախահայրերուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն զոհողութիւններուն դիմաց: Մենք միշտ պիտի աղօթենք անոնց յիշատակին»:

Թանգարանի տոմարին մէջ Գույումճեան արձանագրեց հետեւեալը. «Յարգանքով եւ մեծարանքով կը խոնարհիմ իմ ծնողքիս, նախահայրերուս եւ որբերուն, տարեցներուն ու այրիներուն զոհողութիւններուն առջեւ: Այս վայրը կատարած այցելութիւնս զիս կը վերադարձնեն արմատներուս, պատմութեանս եւ ինքնութեանս: Բնաւ պիտի չմոռնանք եւ կառչած պիտի մնանք հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն, այսօր, միշտ եւ մինչեւ յաւիտեան»:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ճի՛շդ է, թէ իրենք միայն Աստուծոյ եւ նախահայրերուն զոհողութիւններուն դիմաց կը խոնարհին: Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը գոյատեւումի խորհրդանիշներէն մէկն է, «եւ ինչպէս Ժիպէյլը Լիբանանի պատմութեան մէջ գոյատեւումի խորհրդանիշն է, մենք եւ մեր արիւնը եւս շաղախուած են այս քաղաքին հողերուն», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հարցը այն է, թէ Լիբանանի մէջ թէ այլուր, ըլլանք լիբանանցիներ թէ արաբներ, մենք մեր յիշողութիւնը կը կորսնցնենք: «Կը մոռնանք, որ եթէ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկուած է եւ այդ ցեղասպանութիւնը գործադրողները անպատիժ մնացած, ապա նման արարքներ, այսինքն` այլ ցեղասպանութիւններ կրնան գործադրուիլ նաեւ այլ ժողովուրդներու դէմ: Կը մոռնանք, որ Լեռնալիբանանի մէկ երրորդը սովամահ դարձաւ թուրք օսմանցիներուն ձեռամբ, եւ կը շարունակենք ըսել, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կան պատմական յարաբերութիւններ: Ճի՛շդ է, այդ յարաբերութիւնները արեան, անիրաւութեան, տանջանքի, սպանութեան ու տեղահանութեան յարաբերութիւններ են», ընդգծեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ինք համոզուած է, թէ նախարար Գույումճեան յատուկ հոգատարութիւն պիտի ցուցաբերէ «Թռչնոց բոյն»-ին նկատմամբ` աւելցնելով, որ կառոյցին մէջ շրջիլը կարեւոր է իւրաքանչիւր ազգային ջիղ ունեցող եւ ազատութեան հաւատացող մարդու համար, որ կը հաւատայ Լիբանանին` իբրեւ  գոյութեան ու կեանքի խորհրդանիշ:

Երեսփոխան Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հաուաթին, որ մնայուն կերպով զօրակցած է «Թռչնոց բոյն»-ին, այն օրերէն, երբ ան Ժիպէյլի քաղաքապետ էր:

Ան մաղթեց, որ բոլորը հաւատարիմ մնան «Թռչնոց բոյն»-ին:

Իր կարգին, երեսփոխան Հաուաթ շեշտեց, որ Ժիպէյլի մէջ հայութիւնը մաս կը կազմէ այս շրջանի հիւսուածքին եւ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Ժիպէյլի բարգաւաճման մէջ:

Ան հաստատեց, որ իրենք եւս հպարտ կը զգան հայ ժողովուրդին պատմութեամբ, որովհետեւ իրաւունքի համար պայքարող իւրաքանչիւր անձ արժանի է ողջոյնի խօսքի:

«Հայ ժողովուրդը լիբանանցիներուն կողքին պայքարեցաւ` Լիբանանի գոյութեան ի խնդիր: Միասնաբար պիտի գործենք Ժիպէյլը բարգաւաճեցնելու եւ պաշտպանելու այս վայրը, որ կը վկայէ տանջուած, սակայն կանգուն մնացած ժողովուրդի մը պատմութեան», եզրափակեց Հաուաթ:

Այցելութեան աւարտին Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նախարար Գույումճեանին: