
Մայրերու Օրուան Նուիրուած Տօնակատարութիւն Լաթաքիոյ Մէջ
Լաթաքիոյ Ազգ. Ս. Նահատակաց Վարժարանի Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, 19 Մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան տօնակատարութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Սոյն ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքները վստահուած էին Ծնողաց Խորհուրդի ժրաջան տիկիններուն, իսկ յայտագիրի ծրագրումն ու իրագործումը ստանձնած էին վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու Ուսուցչական Կազմը։