
Տարածքներու Զիջումը Արցախի Ու Հայաստանի Անվտանգութեան Ոչնչացում Է. Մասիս Մայիլեան
Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու եռակողմ ձեւաչափի վերականգնման հարցին Երեւան ու Ստեփանակերտ ունին նոյն մօտեցումը, «Ռեկնըմ» (Regnum) գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան:
Ըստ նախարարին՝ եռակողմ բանակցութիւններու վերականգնման համար կան բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները:
«Ինչպէս բազմաթիւն անգամներ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւան մտադիր չէ բանակցային գործընթացին մէջ Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը դարձնել նախապայման, միեւնոյն ժամանակ, բանակցութիւններ պիտի վարէ միայն իր անունէն: Ատիկա կը նշանակէ, որ հարցերը, որոնք կը գտնուին Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու բացառիկ իրաւազօրութեան եւ իրաւասութիւններու մէջ, չեն կրնար քննարկուիլ Երեւան-Պաքու երկկողմ ձեւաչափով: Նման մօտեցումը անաչառ է, եւ, մեր կարծիքով, կրնայ ծառայել որպէս բանակցութիւններու սեղանի շուրջ Արցախը վերադարձնելու մեքանիզմներէն մէկը», ըսաւ Մայիլեան:
Տարածքներու վերադարձին մասին հարցումին պատասխանելով՝ Մասիս Մայիլեան ըսաւ. «Քանի որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տարածքային վէճ չէ, հետեւաբար, անհեռանկար է խնդրի լուծման հնարաւոր ուղիներ փնտռել տարածքային զիջումներու հիման վրայ։ Փաստը, որ 1988-ին, երբ սկսուաւ հակամարտութեան նոր փուլը, նախկին ԼՂԻՄ շուրջ տարածքները, նոյնիսկ ինքնավար մարզի վարչական շրջաններէն մէկը եղած է Պաքուի վերահսկողութեան տակ, կը վկայէ այն մասն, որ տուեալ հակամարտութիւնը տարածքային վէճ չէ: Այսինքն՝ հակառակ անոր, որ այդ տարածքները վերահսկած է ատրպէյճանական կողմը, հակամարտութիւն այդուհանդերձ եղած է: Հետեւաբար, անտրամաբանական է կարծել, որ Արցախի տարածքային զիջումներու պարագային կարելի է հասնիլ հակամարտութեան կարգաւորման: Անհրաժեշտ է հաշուի առնել նաեւ, որ նման առաջարկները ուղղակիօրէն կ՛առնչուին անվտանգութեան, որ Արցախի համար Ատրպէյճանի հետ կարգաւորման գործընթացին մէջ «կարմիր գիծերէն» է:
Տարածքներու զիջումը ուղիղ ճանապարհ է դէպի ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան համակարգի ոչնչացում։ Ան վտանգի տակ կը դնէ իր պատմական հողին վրայ տեղաբնիկ բնակչութեան բուն գոյութիւնը: Այլ խօսքերով՝ մեզի համար այս հարցը ունի գոյութենական նշանակութիւն: Ատրպէյճանի ղեկավարի յայտարարութիւններէն իր յայտ կու գայ, որ պաշտօնական Պաքուի ռազմավարական նպատակն է ոչ միայն Արցախի նուաճումը, այլեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի եւ նոյնիսկ մայրաքաղաք Երեւանի գրաւումը: Մենք պէտք է ամենայն լրջութեամբ վերաբերինք Ատրպէյճանի նախագահին եւ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին յայտարարութիւններուն եւ չհեշտացնենք անոր ռազմավարական նպատակի իրագործումը»: