
ՀՀ Կեդրոնական Դրամատունը Շրջանառութեան Մէջ Դրած է «Գալուստ Կիւլպենկեան-150» Ոսկէ Յուշադրամը
Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատունը Մարտ 22-էն շրջանառութեան մէջ դրաւ «Գալուստ Կիւլպենկեան-150» ոսկէ յուշադրամը: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կեդրոնական դրամատան մամլոյ ծառայութիւնը։
Յուշադրամի դիմերեսի նկարին հեղինակը Յարութիւն Սամուէլեանն է, իսկ դարձերեսինը՝ Վարդան Վարդանեանը:
Յուշադրամը հատուած է Լիթվայի դրամահատարանին մէջ:
Անուանական արժէքը 10 000 դրամ է
մետաղը եւ յարգը՝ ոսկի 900
քաշը՝ 8,6 գ
տրամագիծը՝ 22,0 մմ
որակը՝ պրուֆ
դրամաշուրթը՝ ատամնաւոր
տպաքանակը 1000 հատ
Գալուստ Կիւլպենկեան (1869-1955) հայ մեծանուն գործարար է եւ բարեգործ: Ան անցեալ դարասկիզբը քարիւղի ընկերութեան ներկայացուցիչ քարիւղային դիւանագիտութեան մէջ ամենաազդեցիկ դէմքերէն մէկը: Ուսումնասիրած է Միջագետքի քարիւղի պաշարները եւ զբաղուած քարիւղի արտահանումով: 1930-ին Փարիզի մէջ ընտրուած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ:
Կիւլպենկեանի կտակի համաձայն` 1956-ին Լիզպոնի մէջ հիմնուած է «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամը, որ ֆինանսական մեծ աջակցութիւն կը տրամադրէ Սփիւռքի հայ մշակութային միութիւններուն, հայկական դպրոցներուն եւ հոգեւոր հաստատութիւններուն, կրթաթոշակներ՝ հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:
Կիւլպենկեան ձեռք բերած է արուեստի գործերու, մետաղադրամներու եւ արուեստագիտական գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ, որ այժմ ներկայացուած է Լիզպոնի՝ աշխարհի բացառիկ` Գալուստ Կիւլպենկեանի թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ: