5 Միլիոն Տոլարի Ներդրումով Լոռիի Մէջ Ջուրի Գործարան Պիտի Բացուի

Հայաստան

 Լոռիի մարզի Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ, չինական ընկերութիւն մը կը պատրաստուի 5 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել՝ ջուրի արտադրութեան գործարան հիմնելու համար: Այս մասին` ըստ Panarmenian-ի՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան:

Նախարարը նշեց, որ Լոռիի մարզին մէջ առաւել քան 50 ներդրումային ծրագիրներ ներկայացուած են՝ զբօսաշրջութեան, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Կառավարութեան 14 Մարտի նիստին, հարկային արտօնութիւն տրուած է «Էյ. էնտ էմ. Ռէյր» ընկերութեան, որ պիտի զբաղի քաղցր եւ հանքային ջուրերու շիշերու մէջ լեցնելով: