Տէյվիտ ՄըքՔենզի 3.5 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Կը Խոստանայ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Մարզին

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարկ տալու նպատակով, Երեւանի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին առջեւ իր ելոյթին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ձեռամբ հակահայ սպանդներուն նուիրուած՝ «Ուրացման Ճարտարապետները» վաւերագրական ֆիլմը արտադրած Տէյվիտ ՄըքՔենզի խոստացաւ Հայաստանի կառավարութեան հետ մօտէն գործակցիլ եւ 3.5 միլիոն տոլարի ներդրումներ կատարել՝ աջակցելու համար Հայաստանի զբօսաշրջութեան մարզին։

Նշենք, որ հայկական արմատներ ունեցող Տէյվիտ ՄըքՔենզի 70ական եւ 80ական թուականներուն դէպի Աւստրալիա եւ Նիւ Զելանտա զբօսաշրջութիւնը քաջալերող արշաւներու հեղինակը եղած է, իսկ անոր կինը՝ Լորա ՄըքՔենզի, Հայաստանի նուիրուած զբօսաշրջութեան մասին շարք մը յայտագիրներ պատրաստած է ամերիկեան պատկերասփիւռի կայաններու համար։