
Հայ Արիական Միաբանութիւնը Տօնած է Հայոց Ամանորն ու Վահագնի Վերածնունդը
Հայ Արիական Միաբանութիւնը, ամէն տարի, Մարտ 21-ին, կը նշէ Հայոց Սրբազան Տոմարով Արեգ ամսուան Արեգ օրը։ Հայ արիներն ու համախմբուած հեթանոս ազգայնականները, նոյն օրը, կը տօնեն Հայոց Ամանորը, քանզի գարնան կը վերազարթնի բնութիւնը ձմրան խոր նիրհէն եւ Բնական Տարեփոխութիւնը՝ Նոր Տարին՝ Ամանորը իրականութեան մէջ կը կայանայ գարնանամուտին:
Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած են Հայ Արիական Միաբանութեան լրատուական կեդրոնէն։
Հայ Արիական Միաբանութեան Հոգեւոր յանձնախումբի Քրմական դասի 9 ներկայացուցիչներ՝ 6 քուրմ եւ 3 քուրմի թեկնածու, այս տարի կատարած են ծիսական արարողութիւնը՝ Մարտ 21-ի վաղ առաւօտեան, Սիւնաց աշխարհի Խուստուփ լեռան լանջին:
Նախ նշուած է գարնանամուտը, որուն առաջին Աստուածային Տօնը հայ արիները կը նշեն Մարտի առաջին օրը, փառաբանելով Աստուածահայր Արան, նշելով Հայր Արայի Հրաշագործութեան տօնը… Հայոց Գերագոյն Աստուածը կը հսկէ բնակարգի ընթացքը եւ գարունը սպասուած արեւային ջերմութեամբ կը մտնէ իր գործառոյթներու մէջ՝ Նոր Տարի, Նոր Կեանք բերելով հայ արիներուն…