Ամերիկեան Խաղաղութեան Ջոկատի 27-րդ Խումբը Ժամանեց Հայաստան
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան ժամանեց Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան ջոկատի կամաւորներու 37 հոգիէ բաղկացած նոր խումբը:
Հայաստան ժամանած բոլոր կամաւորները Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ են, որոնք որոշած են իրենց կեանքէն երկու տարի անցընել Հայաստանի մէջ եւ ծառայել հայ ժողովուրդին:
Կամաւորները պիտի ապրին Հայաստանի տարբեր մարզերու գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, պիտի դասաւանդեն անգլերէն տեղւոյն դպրոցներու հայ ուսուցիչներու հետ եւ պիտի աշխատին հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ:
Մինչ Հայաստան ժամանելը, կամաւորները սորված են հայոց այբուբենը եւ հաղորդակցելու համար անհրաժեշտ որոշ տարրական բառեր եւ արտայայտութիւններ:
Նշենք, որ կամաւորները կ՛ապրին հայ ընտանիքներու հետ առնուազն վեց ամիս եւ իրենց ծառայութեան ընթացքին աշխատավարձ չեն ստանար:
Հայաստանի մէջ Խաղաղութեան ջոկատը կը գործէ 1992էն ի վեր, Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով: Ցայսօր, Հայաստանի մէջ ծառայած են առաւել քան 1100 կամաւորներ:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ կ՛ապրին եւ կ՛աշխատին 71 կամաւորներ. 37 նորեկները պիտի միանան անոնց:
