Հայաստանի Մէջ Պիտի Կառուցուի Միջազգային Ամենաբարձր Չափանիշներուն Համապատասխան Բժշկական Կեդրոն

Հայաստան

ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսեն Թորոսեան ընդունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող Բայնոնա ընկերութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Մուրատեանը։

Թորոսեան եւ Մուտաեան քննարկած են Հայաստանի մէջ միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխան բժշկական նոր կեդրոն կառուցելու նախագիծը։ Բժշկական կեդրոնը պիտի մատուցէ ծննդօգնութեան եւ կանանց առողջութեան ծառայութիւններ, այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Արսեն Թորոսեան եւ տեղադրած բժշկական կեդրոնին գծանկարը։