Հայաստանի Մէջ Կը Մեկնարկէ «ՆԱԹՕ-ի Շաբաթ»-ը
Հայաստանի մէջ կը մեկնարկէ «ՆԱԹՕ-ի շաբաթ»ը: Պաշտպանութեան նախարարութեան` պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի խօսքով, համագործակցութիւնը բաւական արդիւնաւէտ կը շարունակուի բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, որոնց մէջ` փորձագիտական խորհրդատուութեան եւ խաղաղապահ առաքելութիւններու իրականացման:
Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլեր շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Զինուած ուժերուն` ՆԱԹՕ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելու համար: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ ՆԱԹՕ-ի շաբաթուան այս անգամ ներգրաւուած են ՆԱՏՕ անդամ աւելի շատ երկիրներ: Դեսպանին միայն կը մտահոգէ այն, որ Հայաստանի մէջո հասարակութեան շատ փոքր հատուածը տեղեակ է ՆԱԹՕ-ի գործունէութենէն:
Նշենք նաեւ, որ Հայաստան կը ժամանեն Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճեյմս Ապաթուրան:
