Արիւնատւութիւն. Յունաստանի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկներու Ծիրէն Ներս
Կազմակերպութեամբ՝
Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան
Կիրակի՝ 17 Մարտ 2019-ին
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ
ժամը 10։00-էն մինչեւ 14։00
Կիրակի՝ 5 Մայիս 2019-ին
Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ
ժամը 10։00-էն մինչեւ 14։00
Կոչ կ’ուղղենք բոլոր մեր հայրենակիցներուն, իրենց մասնակցութեամբ սատարելու այս մարդասիրական ելոյթի յաջողութեան, որ ոչ միայն քարոզչական, այլեւ գործնական արդիւնքներ կ’ապահովէ բոլորին անխտիր։
— Կ’ապահովենք արեան պահեստը, որմէ տարիներու ընթացքին մեծ թիւով հայրենակիցներ
կ’օգտուին անհրաժեշտութեան պարագաներու։
- Տեւաբար Հայ Կապոյտ Խաչը կապի մէջ կը պահենք հելլէն առողջապահական սպասարկութիւններուն հետ, այսպիսով աւելի լայն շրջանակներու ծանօթացնելով անոր մարդասիրական առաքելութիւնը։
Բոլորս մասնակցինք արեան նուիրաբերումի մարդասիրական արշաւին
ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
