2017ի Համեմատ Իրանցի Զբօսաշրջիկների Թիւը Նուազած Է 44.3 Տոկոսով
Հայաստան այցելած իրանցի զբօսաշրջիկներու թիւը զգալի նուազած է. այս մասին «Ժողովուրդ» օրաթերթը տեղեկացաւ ՀՀ վիճակագրական կոմիտէէն: Կը պարզում, որ անցեալ տարի, 2017 թուականի համեմատ, իրանցի զբօսաշրջիկներու թիւը պակսած է 44.3 տոկոսով:
Ըստ աղբիւրին, իրանցի զբօսաշրջիկները վերջին երկու տարիներուն կը նախընտրեն իրենց հանգիստը անցնել Վրաստան, քան Հայաստան, քանի որ այնտեղ ծառայութիւնները աւելի մատչելի են:
Փոխարէնը 76.7 տոկոսով աւելցած է Թուրքիոյէն ՀՀ ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը. ասիկա կրնամ տոկոսային առումով մեշ ըլլալ, բայց թիւով շատ քիչ է։
Նկատենք, որ Ռուսիայէն Հայաստան եկող զբօսաշրջիկներու քանակը եւս աճած է 20.5 տոկոսով: Աւելցած է նաեւ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Հոլանդայէն ՀՀ ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւը:
