Նիկոլ Փաշինեան Կը Հանդիպի Պելճիքայի Հայազգի Գործարարներու Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Պելճիքա աշխատանքային այցելութեան առաջին օրուան աւարտին՝ 4 Մարտի երեկոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպեցաւ հայ համայնքի գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն ադամանդագործութեան, անշարժ գոյքի, բեռնափոխադրութեան ոլորտներուն մէջ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի «Վիլլա Ամպեն» Արեւելքի եւ արեւմուտքի մշակոյթներու ու երկխօսութեան կեդրոնին մէջ:

Աշխատանքային ընթրիքին ընթացքին քննարկուեցան հայ-պելճիքական գործարար կապերու ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

0306businessmaen

Վարչապետը ներկայացուց տնտեսական արմատական բարեփոխումներու ուղղութեամբ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը՝ նշելով, որ կառավարութիւնը շահագրգռուած է խորացնելով երկկողմ տնտեսական համագործակցութիւնը եւ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելով:

Վարչապետին հետ հանդիպման մասնակցեցան «Պօղոսեան» հիմնարկի նախագահ Ժան Պօղոսեան, Ռալֆ Պօղոսեան, Շահէ Արսլանեան, Վիգէն Արսլանեան, Սահակ Արսլանեան, Կարէն Արսլանեան, Անտրէ Կումուշեան, Ֆիլիփ Պարսամեան, Անտոն Ակկաեան, Համբիկ Իպլեկչեան, Հանրի Իպլեկչեան, Մարգար Գրիգորեան, Եանիկ Քալանթարեան, Գրիգուար Ժախեան, Ալբերտ Կարազիւեան, Վալերի Սաֆարեան, ՀԲԸՄի Պելճիքայի գրասենեակի տնօրէն Նիքոլա Տաւիտեան, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Պելճիքայի հայերու համագումարի նախագահ Միշել Մահմուրեան, Պելճիքայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Զատիկ Աւետիքեան: